Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքը` Նոր Գործարքներու Լոյսին Տակ

December 24, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի վարչապետին յայտարարութիւնը, թէ Արցախի հայերը վաղ թէ ուշ պէտք է որոշեն իրենց հետագայ ճակատագիրը, նոր բաղադրիչներ կը պարփակէ իր մէջ:

Մինչեւ հիմա տեղի ազգաբնակչութեան ճակատագիրը որոշելու իրաւունքի մասին պաշտօնական Պաքուի ոեւէ ներկայացուցիչ նման հրապարակում չէր կատարած:

Ան նաեւ այս առիթով յիշեցուցած է, որ 44-օրեայ պատերազմով Ազրպէյճանը իր վերահսկողութեան տակ առած է 7 շրջաններն ու Շուշին եւ Հատրութը` յարակից տարածքներով:

Փորձենք կեդրոնանալ ճակատագիրի որոշման իրաւունքի տեսութեան վրայ: Նախ նկատենք, որ երբ վարչապետի մակարդակով կը կատարուի այդ յայտարարութիւնը, ատիկա կը նշանակէ պաշտօնականութիւն: Աւելի մասնակի` պաշտօնական Պաքուի տեսակէտ:

Հետեւաբար, այս յայտարարութիւնը իբրեւ շղթայի մէկ օղակ պէտք է ընկալել յատկապէս պատերազմէն վերջ կատարուող յայտարարութիւններուն: Անոնցմէ հիմնականը «արցախեան հակամարտութիւնը անցեալ է» յանկերգն է:

Հետեւինք այս տրամաբանութեան: Պաքուի համար Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութենէն դուրս չէ: Երբ «հակամարտութիւնը աւարտած է» կ՛ըսուի, կը նշանակէ, որ երաշխիք ստացած է, որ Արցախը Ազրպէյճանէն դուրս որեւէ կարգավիճակ չի ստանար:

Այդ երաշխիքը հրապարակուած չէ անշուշտ: Բայց նկատի ունենալով, որ նոր իրավիճակին հետ կապուած գործընթացները կը կրեն Անգարա -Մոսկուա համաձայնութեան ուղղորդումները, կ՛ենթադրուի, որ երաշխիքը եւս այդ պարունակին մէջ պէտք է ընկալել:

Պաքուի յայտարարութիւններու շղթային վերջին օղակը ուրեմն կը նախանշէ հետագայ քայլերու հեռանկարը: Նոր գոյավիճակ է, հետեւաբար Արցախի մէջ ապրող հայերը պէտք է որոշեն իրենց ճակատագիրը: Ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման նոր տեսք կ՛ապահովուի երեւութապէս: Ատիկա ինքնին նախկին ինքնորոշման հանրաքուէներու չեղեալ յայտարարուելուն համազօր է:

Ազրպէյճանի վարչապետը ըսել կ՛ուզէ, որ Արցախի բնակչութիւնը պէտք է Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ իր ճակատագիրը որոշէ: Բնականաբար պարզ չէ, որ այդ նոր հանրաքուէն ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ. «երբ»- ը կարեւոր է այս պարագային, որովհետեւ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 7-րդ կէտը կը խօսի տուժածներու վերադարձի մասին: Սկզբունքով «տուժածներ»-ը պէտք է հասկնալ երկկողմանիօրէն:

Փորձենք աւելի խորանալ աննախադէպ այս յայտարարութեան մէջ: Ճակատագիր որոշելը ո՛չ միայն վերաինքնորոշուելու մասին է, այլ նաեւ կարգավիճակի: Իսկ կարգավիճակը եւս այս պարագային անկախացում չի նշանակեր: Այսինքն` Արցախը կը ստանայ օրինակի համար մշակութային ինքնավարութիւն Ազրպէյճանի մէջ:

Հիմա յիշենք Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահին կատարած յայտարարութիւնները պատերազմի սկիզբը: Արցախի մէջ էթնիք խնդիր կայ եւ այնտեղ ապրողները ենթակայ են ցեղասպանութեան վտանգին: Պարզ է ուղերձը. անհրաժեշտ են ռուսական զօրքերը` պաշտպանելու համար Արցախի ժողովուրդը:

Մոսկուան չէ վարանած յայտարարելու, որ կարգավիճակի ճշդում չէ կատարուած  տակաւին. միաժամանակ Արցախը նկատած` Ազրպէյճանի տարածքին մէջ: Հետեւաբար, Արցախի նոր կարգավիճակի ճշդում` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ:

Այստեղ մշակութային ինքնավարութենէն աւելի կենսական նշանակութիւն կ՛ունենայ ռուսական հոգատարութիւնը (պրոտեկտորատ), ինչ որ կարգավիճակի  տեսակ է: Այս միտումի տեսանելիութիւնը աւելի կը յստականայ, երբ քաղաքական տրամաբանութեամբ դիտարկենք Մոսկուայի կատարած ներդրումները  Արցախի մէջ ենթակառուցուածքներու` ճանապարհաշինութեան, եւ այդ բոլորին զուգահեռ ճիգը` դէպի Արցախ վերադարձնելու ժողովուրդը եւ բացառելու անվտանգային միջադէպերը:

Մինչեւ նոր ինքնորոշման գործողութիւն Արցախի մէջ  կրնայ աշխատիլ երկքաղաքացիութեան  օրէնքի կիրարկումը: Այդ պարագային Մոսկուան ստիպուած կ՛ըլլայ իր հոգատարութիւնը տարածելու ո՛չ միայն հայ ազգաբնակչութեան, այլ նաեւ իր քաղաքացիներուն վրայ:

«Ա.»

Նախորդը

Ազրպէյճանի Բողոքագիր` Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածու Վալերի Փեքրեսի Արցախ Այցելութեան Առիթով

Յաջորդը

Օքսֆորտի Համալսարանն ու «Ասթրազենիքա»-ն Սկսած Են «Օմիքրոն»-ի Դէմ Նոր Պատուաստանիւթի Մշակման

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.