Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւարտելով Լիբանան Կատարած Իր Եռօրեայ Այցելութիւնը` Կութիերես Լիբանանի Վարիչներուն Թելադրեց Գործադրել Իրենց Խոստացած Երաշխիքները

December 23, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ» Կութիերես երէկ` չորեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին աւարտեց Լիբանան կատարած իր եռօրեայ այցելութիւնը, որուն ընթացքին զանազան հանդիպումներ ունեցաւ երկրի տարբեր պատասխանատուներուն հետ: Ան ցաւ յայտնեց, որ այս «գեղեցիկ երկիրը կը տառապի խրթին հարցերէ եւ կը դիմակալէ այլազան մարտահրաւէրներ: Ան յայտնեց, որ երկրին վարիչներէն ստացած է խորհրդարանական ընտրութեանց կայացման գծով երաշխիքներ եւ ամբողջական յանձնառութիւն` գործադրելու խոստացուած բարեկարգումները: Կութիերես կոչ ուղղեց կիրարկելու այդ խոստումները` մաղթելով, որ ընտրութիւնները կը կայանան անաչառ ու ազատ մթնոլորտի մէջ: ՄԱԿ-ի քարտուղարը նաեւ անդրադարձաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին` յոյս յայտնելով, որ այս գծով հետաքննութիւնները կը կատարուին արդար եւ անկողմնակալ մօտեցումով: Ան նաեւ կոչ ուղղեց Հըզպալլային` դառնալու լիբանանեան այլ կուսակցութիւններու նման միայն Լիբանանին ծառայելու կոչուած կուսակցութիւն:

Այցելութիւն`
Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարին

Նախքան իր մեկնումը, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը տեսակցեցաւ նաեւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ, անոր Եարզէի գրասենեակին մէջ: Խորհրդակցութեանց առանցքները կազմեցին Լիբանանի իրավիճակն ու կայունութեան ամրապնդման գործօնները: Այս առիթով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Կութիերես վերահաստատեց լիբանանեան բանակին օժանդակելու միջազգային այս կազմակերպութեան պատրաստակամութիւնը:

Նշենք, որ նախապէս Կութիերէս այցելած էր հարաւային Լիբանանի ՖԻՒՆԻՒԼ-ի ուժերու կեդրոնը Նաքուրայի մէջ` մօտէն տեղեկանալու անոնց կացութեան մասին: Ան նմանապէս այցելած էր Թրիփոլիի մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի հովանաւորած պաղեստինեան մէկ վարժարանը:

 

Նախորդը

Պարգեւատրելով Վաստակաւոր Գործարարներ Եւ Դրուատելով Անոնց Նուիրումի Ոգին` Պուչիքեան. «Լիբանանեան Առեւտրական Խորհրդանիշը Իր Արժանաւոր Վարկն Ու Դիրքը Սկսաւ Գրաւել Համաշխարհային Շուկաներուն Մէջ»

Յաջորդը

Կառավարութեան Նիստերու Բացակայութեան. Հրատապ Հարցերը Կը Քննարկուին Զանոնք «Փոխարինող Այլընտրանքներով»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.