Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցող Միութիւն ի խնդիր Միջերկրականի շրջանային Զ. ֆորումին զուգահեռ հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ հաստատուեցաւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները արագացնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ պէտք եղած տեղեկութիւններն ու փաստաթուղթերը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը` տնտեսական ապաքինման ծրագիր մը մշակելու եւ եւրոպական օժանդակութիւններէն ալ օգտուելու նպատակով:
Քննարկուեցաւ շրջանին մէջ Լիբանանի դերակատարութիւնը եւ լիբանանեան տագնապներուն միջամուխ չըլլալու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին համար յաւելեալ օժանդակութիւն ապահովել:
ՄԻՒՍ կողմէ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով օտար երկիրներու մէջ արձանագրուած արտերկրի լիբանանցիներուն թիւը 230.466 է, համաձայն նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնութեան տեղեկութիւններուն:



