Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Գանձ Որոնողները Աւերած Են Հայկական Հոգուոց Վանքը

November 25, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ տարածք գտնուող Վանի Կիւրփընար (Հայոց ձոր) եւ Չաթաք շրջաններուն միջեւ` հայկական պատմական Հոգուոց (Հոգեաց, Հոգոց) վանքը աւերուած է գանձ որոնողներու կողմէ եւ այժմ ոչնչացման եզրին է: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը` վկայակոչելով Hakkariobjektifhaber.com-ը:

«Van CEVDER» պատմական յուշարձաններու պահպանութեան միութեան ղեկավարներէն Ալի Քալչըքը յայտնած է, որ գանձ որոնողները վանքի բոլոր քարերը տեղահան ըրած են:

«Ասիկա վայրագութիւն է», նշած է Քալչըքը` ընդգծելով, որ, առանց այդ ալ` այժմ գրեթէ անհնար է մուտք գործել տարիներ շարունակ որպէս անասնագոմ օգտագործուող սրբատեղի` այնտեղ առկայ գոմաղբին պատճառով: Ան նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ ոչնչացուած են տասնեակ մը նման պատմական վայրեր: Շեշտած է, որ մարդիկ, պետութիւնները, հասարակական կազմակերպութիւնները ի վերջոյ պէտք է խախտեն լռութիւնը, ո՛չ ըսեն այդ ջարդին, համաշխարհային ժառանգութեան ոչնչացման:

20 տարի շարունակ պարբերաբար վանք այցելած Ֆազըլ Օզթեքինը նշած է, որ վանքը սկիզբը կանգուն էր, սակայն այժմ ոչնչացման եզրին է:

«Երբ սկիզբը վանք կու գայի, անիկա լիովին կանգուն էր: Զանգակատունէն մինչեւ պատերու զարդանախշերը կը պահպանուէին այնպէս, ինչպէս եղած էին», ընդգծած է ան:

Նշենք, որ Հոգուոց վանքը գտնուած է Մեծ Հայքի Վասպուրական նահանգի Անձեւացիք գաւառին մէջ, Վանայ լիճէն հարաւ, Կասրիկ գիւղին մօտ: Ըստ Մովսէս Խորենացիի վերագրուած աւանդութեան մը, Բարդուղիմէոս առաքեալը Մեծ Հայք բերած է Աստուածածնի դիմապատկերը, քանդել տուած Կանգավար աւանէն եւ Դարբնոց քարէն ոչ հեռու գտնուող Անահիտի տաճարը, տեղը կառուցած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին, կից` կուսանոց, յանձնած պատկերը` հիմնելով Հոգեաց վանքը:

Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուելէն ետք Գրիգոր Լուսաւորիչը Հոգեաց վանքին մէջ կառուցած է Սուրբ Սիոն եկեղեցին, ուր, ըստ աւանդութեան, ամփոփուած են Տրդատ Մեծի, Աշխէն թագուհիի, Խոսրովիդուխտ քրոջ աճիւնները: Դ. դարուն Հոգեաց վանքը եղած է եպիսկոպոսանիստ: Հոգեաց վանքը ԺԷ. դարուն յայտնի գրչութեան կեդրոն եղած է: Անիկա 1730-65  վերակառուցուած է, 1895-ին` աւերուած, 1904-ին` վերանորոգուած, 1915-ին` լքուած:

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Դարձեալ Նոյեմբեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.