Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Կոչ Կ՛ուղղեն Վերականգնելու Մշոյ Ս. Առաքելոց Վանքը

November 23, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող հայկական Մշոյ Ս. Առաքելոց վանքը այցելած շարք մը քաղաքացիներ, որոնց շարքին նաեւ եղած է «1071 Ալփարսլան» միութեան նախագահ Թուրգայ Էօզլիւն, տեղւոյն իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են` վերականգնելու  կիսաւեր վանքը:

Այս մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը` հիմնուելով թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հրապարակումին վրայ:

Աղբիւրին համաձայն, թուրք քաղաքացիները շրջած են գանձագողերու կողմէ աւերուած հայկական եկեղեցիին մէջ եւ ցանկութիւն յայտնած, որ պատմական յուշարձանը վերանորոգուի` տուեալ շրջանին մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նկատառումով:

«1071 Ալփարսլան» միութեան նախագահը գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է. «Իբրեւ քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւն` առիթ ունեցանք այցելելու այս վայրը, ուր ուսումնասիրութիւններ կատարեցինք: Եկեղեցին ներկայիս աւերակ վիճակի մէջ է, որուն հիմնական պատճառը գանձ որոնողներու եւ անգիտակից մարդոց վերաբերմունքն է: Կը խնդրենք, որ նմանատիպ տեսարժան վայրերը վերանորոգուին` զբօսաշրջութեան զարգացման զարկ տալու համար»:

Թրքական պետական գործակալութիւնը, բնականաբար, չի նշեր վանքին հայկական ըլլալու փաստը:

Ինչպէս յայտնի է, Մշոյ Ս. Առաքելոց վանքը, որ ներկայիս կը գտնուի Մուշ նահանգի կեդրոնին ենթակայ Քեփենեք (Արաք) գիւղին մէջ, հիմնուած է 4-րդ դարուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ: Մշոյ Ս. Առաքելոցը նախքան Հայոց ցեղասպանութիւնը տուեալ շրջանի ամէնէն նշանաւոր սրբավայրերէն մէկն էր:

Վանքը 1960 թուականին ուժանակով պայթեցուած է Մշոյ նահանգապետարանին կողմէ, այդ պատճառով ալ այս վանական համալիրէն մեր օրեր հասած են միայն 2 եկեղեցի: Վանքը վերանորոգուած է 1125 թուականին: Վանքի արեւելեան կողմին մէջ 9 խաչքարեր կային: Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ թուրքերը յարձակած են վանքին վրայ եւ սպաննած եկեղեցւոյ վերջին սպասաւոր Յովհաննէս վրդ. Մուրատեանը:

Նախորդը

Լիբանանի Անկախութեան 78-Ամեակ. Նախագահ Աուն. «Նախագահական Նստաշրջանիս Վերջին Տարուան Ընթացքին Պիտի Հունաւորեմ Բարեկարգումները` Հասնելով Մինչեւ Տնտեսական Տագնապին Լուծման»

Յաջորդը

«Շրջանին Մէջ Նոր Կարելիութիւններ Ստեղծուած Են Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւնները Վերականգնելու Համար» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Ամերիկացի Դեսպանը

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.