Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շրջանին Մէջ Նոր Կարելիութիւններ Ստեղծուած Են Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւնները Վերականգնելու Համար» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Ամերիկացի Դեսպանը

November 23, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ըրլ Լիթցընպըրկըր յայտարարած է, որ շրջանին մէջ նոր կարելիութիւններ ստեղծուած են Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կապերը կարգաւորելու, յարաբերութիւնները վերականգնելու համար: «Սփութնիք Արմենիա» կը նշէ, թէ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ան այդ մասին ըսած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հաղորդակցութիւններուն, որոնք ուղղուած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման», յայտարարած է դեսպանը:

Անոր համաձայն, Ուաշինկթըն նաեւ կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ուղիղ կապի ստեղծման որոշումը: Ամերիկեան կողմը յոյս ունի, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու նախատեսուած հանդիպումը լուծման հարցին մէջ քայլ մը պիտի ըլլայ:

«Թերթ» իր կարգին կը հաղորդէ, որ դեսպանը, մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումը, ըսած է. «Շատ ուրախ եմ լսելով նման հանդիպման մասին»:

«Անցեալ տարուան տագնապին սկիզբէն ի վեր Միացեալ Նահանգներ մեծ ջանքեր գործադրած է կողմերուն միջեւ անմիջական հաղորդակցութեան կարելիութիւն ստեղծելու համար: Ասիկա կրնայ լաւ արդիւնքներ տալ: եթէ նայինք անցեալին, ապա պիտի տեսնենք, որ կողմերու, յատկապէս ղեկավարներու անմիջական հաղորդակցութիւնները զգալի արդիւնքներ տուած են: Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ արդիւնքներ պիտի տայ այս հանդիպումը, սակայն լիայոյս եմ, որ ատիկա կարեւոր քայլ է յարաբերութիւններու զարգացման եւ լուծման ճամբուն վրայ վստահութեան ձեւաւորման եւ յարաբերութիւններու հաստատման համար», ըսած է ամերիկացի դեսպանը:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Կոչ Կ՛ուղղեն Վերականգնելու Մշոյ Ս. Առաքելոց Վանքը

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը  Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Նախապայման Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը
Հայկական

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը

November 13, 2026
Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու  Պարագային Հայաստան  Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»
Հայկական

Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Պարագային Հայաստան Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»

November 13, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.