Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նատեր Գասպար` Իրաւաբաններու Սենտիքայի Նախագահ

November 23, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ կիրակի օր տեղի ունեցան Պէյրութի Իրաւաբաններու սենտիքայի ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին յաջողութիւն արձանագրեցին 9 իրաւաբաններ` Իմատ Մարթինոս, Նատեր Գասպար, Էլիաս Պազըրլի, Ապտօ Լահուտ, Իսքանտար Նաժժար, Ֆատի Մասրի, Մարուան Ժապըր, Նեժիպ Մասաատ եւ Մայա Զաարինի:

Իրաւաբաններու Պէյրութի սենտիքայի նոր նախագահն է Նատեր Գասպար:

Այս առիթով Գասպար նշեց, որ իրաւաբանին անձեռնմխելիութիւնը, ջանքերը, ապրուստը, գումարները եւ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումար ունեցող բոլոր լիբանանցիներուն իրաւունքը կարմիր գիծեր են:

«Քաղաքացիներուն արժանապատուութիւնը կարմիր գիծ է: Ազգային բոլոր հարցերը պիտի չանտեսենք, այլ` ամենայն լրջութեամբ, թափանցիկութեամբ, քաջութեամբ եւ իմաստուն կեցուածքով պիտի հետապնդենք: Ժամանակն է գործելու եւ գործակցելու», ըսաւ ան:

Գասպար հաստատեց, որ իրենք քաղաքականութեան հետ գործ չունին` պահանջելով, որ քաղաքականութիւնը իր կարգին միջամուխ չըլլայ իրենց աշխատանքներուն:

Իրաւաբաններու սենտիքայի նախկին նախագահ Մըլհեմ Խալաֆ շնորհաւորեց Նատեր Գասպարը` հաստատելով, որ ընտրութիւնները նոր փուլ մըն են` վերահաստատելու համար վստահութիւնը եւ ընդգծելու համար Իրաւաբաններու սենտիքային դիմադրողականութիւնը, որ հիմնուած է արժէքներու, մշակոյթի եւ հայրենասիրութեան ամուր ժայռերու վրայ:

Խալաֆ յաջողութիւն մաղթեց Գասպարին` շեշտելով, որ ան վստահելի անձնաւորութիւն է բոլորին համար, եւ արժանի է այս պաշտօնին:

Խալաֆ խոստացաւ ամէն իմաստով զօրակցիլ սենտիքայի նորընտիր նախագահին:

 

Նախորդը

Ֆայեզ Ղոսըն Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

Մոսկուայի Մէջ. «Եթէ Սէուտական Արաբիա Հրաւիրուիմ, Ուղղակի Հոն Պիտի Մեկնիմ, Իսկ Հըզպալլայի Զինեալ Թեւը Շրջանային Խնդիր Է» Շեշտեց Պու Հապիպ

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.