Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Ոչ Միայն Միջազգային Յանցագործութիւն Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Արցախի Նկատմամբ, Այլ Նաեւ Արցախի Տարածքը Բռնագրաւուած Է»

October 30, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 հոկտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ աւանդական ճեպազրոյցներու ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան` անդրադառնալով ընդդիմութեան առաջարկած Արցախի վերաբերող յայտարարութեան, որ չընդունուեցաւ խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ, յայտնեց, որ իրենց (ընդդիմութեան) կողմէ կատարուած որեւէ առաջարկ, որ կարմիր գիծերը յաղթահարելու տեսք ունեցած է, մերժուած է: Մինասեան նշեց, որ առնուազն մէկ օր ունէր մեծամասնութիւնը` առաջարկ ներկայացնելու:

Արծուիկ Մինասեան լրագրողներուն յայտնեց, որ յայտարարութեան մէջ կային քանի մը կարմիր գիծեր: Առաջինը այն է, որ ո՛չ միայն միջազգային յանցագործութիւն տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ, այլ նաեւ Արցախի տարածքը բռնագրաւուած է: Հայաստանի տարածք Ազրպէյճանական ուժերու ներթափանցման, ինչպէս նաեւ ամրաշինական աշխատանքներու յստակ փորձ կը կատարուի:

«Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն, ոեւէ պաշտօնատար անձ չի կրնար բանակցիլ գրաւոր կամ բանաւոր համաձայնութիւն տալ հակառակ 8 յուլիս 1992-ի Ազգային ժողովի որոշումին, ուր արձանագրուած է, որ որեւէ ձեւով Հայաստանի համար անընդունելի է Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելը, եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ապահովէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը: Նաեւ այն, որ չի կրնար Հայաստանի տարածքի որեւէ փոփոխութիւն տեղի ունենալ առանց հանրաքուէի», նշեց ան:

Մինասեան նշեց, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ միջազգային գործողութիւններու պէտք է ձեռնարկել` դատապարտման եւ միջազգային հետապնդման պատասխանատուութեան ենթարկելու առումով, քանի որ մինչեւ այսօր Ազրպէյճան կը շարունակէ պատերազմական յանցագործութիւնները բռնի անհետացածներու եւ գերիներու մասով:

Ազրպէյճան նաեւ միջազգային հանրութեան առջեւ միակողմանիօրէն խեղաթիւրուած տեղեկութիւններ կը հաղորդէ` նսեմացնելով Հայաստանի միջազգային հեղինակութիւնը:

 

Նախորդը

Արմէն Գրիգորեան. «Հայաստանը Պատրաստ Է Ազրպէյճանի Հետ Սահմանագծման Ու Սահմանազատման Հոլովոյթին»

Յաջորդը

Ակնարկ. Նոր Հանգոյցներու Հիւսուածք` Լիբանանեան Քաղաքական Բեմին Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.