Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաքունթալա Եւ Իր Ձուկերը Կը Պայքարին Անօթութեան Դէմ

October 30, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Աշխարհի չորս կողմերը միլիոնաւոր մարդիկ տակաւին անօթութենէ կը տառապին: Մասնագէտները կ՛աշխատին այս ծանր հարցին լուծումներ գտնել: Այս մասնագէտներէն մէկն է Շաքունթալա Հարաքսինկ Թիլսթըտ, որ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ ձուկերուն վրայ` սովին դէմ պայքարելու համար:

Աշխարհի բնակչութեան աւելի քան 10 առ հարիւրը սովէ կը տառապի. այս թիւը կը ներկայացնէ հարիւրաւոր միլիոն անձեր:

Սակայն աշխարհը բաւականաչափ ուտելիք կ՛արտադրէ, բայց ուրիշ բազմաթիւ բաներու նման` այս ուտելիքներու բաժանումի հարց մը կայ միջազգային գետնին վրայ. հարուստները շատ կ՛ուտեն, իսկ աղքատները` ոչ բաւականաչափ:

Անօթութենէ տառապիլը ծանր հարց մըն է: Չափազանց անօթութիւնը, սովը կրնան շատ ծանր հիւանդութիւններ յառաջացնել, կրնան նոյնիսկ մահ պատճառել: Սովը կը տարածուի յատկապէս աղքատ երկիրներու մէջ: Սակայն նոյն ատեն  հարուստ երկիրներու մէջ ալ մեծ թիւով մարդիկ ամէն օր ուտելու կարելիութիւնը չունին:

* * *

Աշխարհի մէջ սովի այս հարցին դէմ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ անձեր գործի անցած են լուծումներ գտնելու համար:

Անոնց կարգին է Շաքունթալա Հարաքսինկ Թիլսթըտ, որ կ՛ուսումնասիրէ մարդոց ուտելիքի կանոնները եւ կը մտածէ ուտելու ամէնէն լաւ միջոցը գտնելու մասին` մեր մարմինին պահանջներուն ընդառաջելու համար:

Այս ձեւով է, որ ան գտած է, օրինակի համար, Պանկլատեշի մէջ գոյութիւն ունեցող պզտիկ ձուկեր, որոնք կը պարունակեն մարդոց անհրաժեշտ սնունդի բազմաթիւ տեսակներ: Անոնք շատ մեծ օգտակարութիւն կ՛ունենան ուտողներուն վրայ: Ասոր կողքին, կարելի է այս ձուկերը արտադրել կայուն ձեւով, այսինքն` մոլորակին եւ կենդանի էակներուն պահպանումի հեռանկարով եւ առանց մեծ ծախսերու:

Այս փնտռտուքները կարելիութիւնը կու տան սնունդի պակասի հարցերուն մատչելի լուծում մը տալու: Այս գիտական փնտռտուքներուն կողքին, Շաքունթալա Հարաքսինկ Թիլսթըտ աշխատանք կը տանի նաեւ պետութիւնն ու պատասխանատուները համոզելու, որ այս ձուկերը նկատի ունենան սննդականոնի կամ աղքատներու օգնութեան ցանկին մէջ: Օրինակի համար, Հնդկաստանի մէջ չորցուած ձուկը այլեւս մաս կը կազմէ ժողովուրդի ամէնէն աղքատ խումբերուն տրուած ուտելիքի ծրարին:

Այս տեսակի որոշումներ կարելիութիւնը կու տան բարելաւելու հազարաւոր անձերու առողջութեանը, եւ յատկապէս` երեխաներու, որոնց վրայ անօթութիւնը կրնայ շատ մեծ ժխտական հետեւանքներ ունենալ:

Իր այս աշխատանքին համար Շաքունթալա Հարաքսինկ Թիլսթըտ արժանացաւ «Ուըրլտ ֆուտ փրայզ» վարձատրութեան, որ ուտեստեղէնի աշխարհի Նոպէլեան մրցանակի մը համապատասխան է: Ասիկա կարելիութիւնը կու տայ նաեւ մարդոց ցոյց տալու, որ ծովային ուտելիքները որքա՛ն կարեւոր դեր ունին աշխարհին մէջ անօթութեան դէմ պայքարին մէջ:

Մոլորակին Համար Շատ Յարգի
Ընդծովեայ Բոյսը` Պոսիտոնին

Պոսիտոնին ընդծովեայ կանաչ բոյս մըն է, որ մեծ օգտակարութիւն ունի մեր մոլորակի ապագային, ինչպէս նաեւ` արեւադարձային անտառներուն համար:

* * *

Անոր անունը եկած է ծովերու յոյն չաստուածի անունէն` Պոսիտան Պոսիտոնին ծովային բոյս մըն է, որ գոյութիւն ունի Միջերկրական ծովուն մէջ: Ան կը ծածկէ միլիոնաւոր հեկտարներու տարածք մը` Կիպրոսէն մինչեւ Սպանիա:

Այս ծովային բոյսը շատ կը հետաքրքրէ գիտնականները, որովհետեւ ան շատ օգտակար է մոլորակին:

Օգտակարութիւնները տեսակաւոր են: Պոսիտոնիին տունկերը ձուկերուն կը ծառայեն իբրեւ ապաստան եւ իր ձագուկներուն համար իբրեւ «նըրսըրի», այսինքն` ապահով վայր մը, ուր փոքրիկ ձուկերը կրնան աճիլ անվտանգ: Այս ձեւով ան կը մասնակցի նաեւ բազմաթիւ տեսակներու պահպանութեան:

Պոսիտոնին թանկագին դաշնակից մըն է կլիմայի ջերմացման դէմ պայքարին մէջ: Իրենց կանաչ կոթերուն շնորհիւ` տունկերը կ՛ամբարեն բնածխական կազը, որ կլիմայի ջերմացման ամէնէն մեծ պատասխանատուն է,

Պոսիտոնին կ՛օգնէ նաեւ արգելք դառնալու ալիքներու ազդեցութեան տակ յառաջացող ծովու ծփանքին` ծովեզերքը մաշումէն պահպանելով:

* * *

Սակայն, դժբախտաբար, այս շատ օգտակար բոյսը վտանգուած է:

Ասոր առաջին պատճառը նաւերուն խարիսխներն են, որոնք ուժեղ կերպով կը զարնուին յատակին, սակայն նաեւ երբ նաւը վեր կը քաշէ իր խարիսխը` վնասելով պոսիտոնիի տունկերը:

Ասոնք մեծ վտանգներ են պոսիտոնիին համար, որովհետեւ ան շատ դանդաղօրէն վերստին  կը բուսնի, հազիւ քանի մը սանթիմեր` ամէն տարի:

Հետեւաբար կարգ մը երկիրներ որոշումներ տուած են անոնց փճացումը նուազեցնելու համար: Օրինակի համար, կարգ մը շրջաններու մէջ, եւ կարգ մը նաւերու պարագային, խարիսխ նետելը արգիլուած է:

Խոհագիր

Հալոուինի Տուրմով Պիսքուի

Այս դդումի ձեւով եւ տուրմով լիցք ունեցող պիսքուիները  կրնաս հրամցնել շուրջդ Հալոուինի օրուան հաւաքոյթի ընթացքին, հետը մեծ գաւաթ մը կաթ` տուրմով:

Պէտք ունիս (18 պիսքուիի համար)

– 140 կրամ ալիւրի, պտղունց մը աղի, 50 կրամ շաքարի, 60 կրամ կտորներու բաժնուած պաղ կարագի, 60 կրամ քրեմ ֆրեշի, քիչ մը վանիլայի, քանի մը կաթիլ ուտելիքի յատուկ ներկի, 1 հաւկիթի դեղնուցի, 100 կրամ սեւ տուրմի, 1 ապուրի դգալ կաթի:

Պատրաստութիւն

1.- Իրարու հետ խառնէ` ալիւրը, կարագը, աղը, վանիլան եւ շաքարը խորունկ ամանի մը մէջ: Ձեռքերուդ մէջ «աւազի» նման խմոր մը պիտի ստանաս:

2.- Այս խառնուրդին վրայ աւելցուր քրեմ ֆրեշը եւ քանի մը կաթիլ ուտելիք նարնջագոյն ներկ: Լա՛ւ մը խառնէ, մինչեւ որ կարենաս խմորի գունդ մը ստանալ:

3.- Խմորը բաց, մինչեւ որ ստանաս բարակ խաւ մը:   Յատուկ կաղապարով մը, կամ մեծ անձի մը օգնութեամբ դանակի մը միջոցով կտրէ դդումի 36 կտորներ` մօտաւորապէս 6 սմ տրամագիծով: 18 պիսքուիներու վրայ պզտիկ ծակեր բաց աչքերուն ու բերանին համար: Դանակի ծայրով դդումին գիծերը գծէ, մնացած 18 հատը պարզ ձգէ:

4.- Փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ կարագ քսէ եւ քիչ մը ալիւր սրսկէ, պիսքուիները մէջը շարէ:

5.- Պիսքուիներուն վրայ հաւկիթի դեղնուց քսէ, յետոյ պիսքուիները եփէ փուռին մէջ 20 վայրկեան, 160 ջերմաստիճանի վրայ: Զանոնք փուռէն հանէ, երբ լաւ մը կարմրին:

6.- Երբ պիսքուիները պաղին, տուրմը ապուրի դգալ մը կաթով կամաց-կամաց հալեցուր:

7.- Առանց ծակի պիսքուիներուն վրայ դգալ մը տուրմ դիր եւ ապա անոնց վրայ դիր երեսի պիսքուիները:

Ժամանց
Կէտերը իրարու միացուր. 1-80` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել դէպի ելք տանող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Իւրաքանչիւր անասունէ քանի՞ հատ պահուած է պատկերին մէջ: Անոնց թիւերը գրէ վարի տուփիկներուն մէջ:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 29 Հոկտեմբեր 2021)

Յաջորդը

Մեծարենցեան Երեկոներ. Մուսա Լեռ – Այնճար. Ամին Ռիհանի Մարգարէն

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.