Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Կը Հրամայէ 10 Դեսպաններ «Անբաղձալի Անձեր» Յայտարարել

October 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր հրամայեց 10 դեսպաններ, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպանները «անբաղձալի անձեր» յայտարարել` գործարար Օսման Քաւալայի ազատ արձակման կոչ ուղղելնուն համար:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երեքշաբթի օր դեսպանները կանչած էր անոնց հրապարակած «անպատասխանատու» հաղորդագրութեան համար, որ կոչ կ՛ուղղէր արդար եւ արագ լուծում բերել 2017 թուականի վերջաւորութենէն ի վեր բանտարկուած Քաւալայի հարցին: Վերջինս ամբաստանուած է ապրիլ 2016-ի զինուորական ձախող յեղաշրջումը ֆինանսաւորելու եւ անոր մասնակցելու համար, ամբաստանութիւն մը, որ Քաւալա կը մերժէ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս մեկնաբանելով Էրտողանի` արեւմտեան 10 երկիրներու դեսպանները երկրէն վտարելու յայտարարութիւնը, յայտնեց. «Այդ յայտարարութիւնները տեսանք, եւ մենք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բացատրութիւն կը պահանջենք»:

Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշեց. «Թուրքիոյ մօտ մեր դեսպանին վտարման մասին որեւէ պաշտօնական տեղեկացում չստացանք»:

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Տաւիթ Սասոլի, մեկնաբանելով դեսպաններու «անբաղձալի անձեր» յայտարարուելուն լուրը, «Թուիթըր»¬ի վրայ գրած է. «Տասը դեսպաններու արտաքսումը կը վկայէ, որ թրքական կառավարութիւնը դէպի մենատիրութիւն կ՛երթայ: Մեզ պիտի չվախցնէք: Ազատութի՛ւն Օսման Քաւալային»:

Էրտողանի կողմէ «անբաղձալի անձեր» յայտարարուած դեսպանները Քանատայի, Դանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Նետերլանտներու, Նորվեկիոյ, Շուէտի, Ֆինլանտայի, Նոր Զելանտայի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններն են, որոնք Քաւալայի «անմիջական ազատ արձակում»¬ը պահանջած էին:

Նախորդը

Ապտոլլահեան Պաքուին Կոչ Ուղղած Է` Դիւրացնելու Իրանեան Բեռնակառքերու Ազրպէյճանի Սահմանամերձ Տարածքներէն Անցումը

Յաջորդը

Ռուսական Եւ Սուրիական Օդային Հարուածներէն Ետք. Սուրիական Բանակը Կը Ռմբակոծէ Իտլիպի Գիւղական Շրջանին Մէջ Ժապհաթ Նուսրայի Կեդրոնները

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.