Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Կ՛ակնկալէ, Որ Ազրպէյճանը Արդիւնաւէտ Քայլերու Կը Ձեռնարկէ Իրանեան Բեռնակառքերու Տարանցիկ Խնդիրներու Լուծման Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

October 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարած է, որ թշնամիներուն պէտք չէ կարելիութիւն ընձեռուի խաթարելու Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ բարեկամական կապերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը:

Ապտոլլահեան երեքշաբթի օր իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ Թեհրանն ու Պաքուն թշնամիներ ունին, եւ երկու կողմերը պէտք չէ թշնամիներուն կարելիութիւն ընձեռեն խաթարելու իրենց յարաբերութիւնները:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը, ընդգծելով երկիրներու փոխադարձ յարգանքի ու անկախութեան, գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան անհրաժեշտութիւնը, նշած է, որ Թեհրանն ու Պաքուն իրարու կապուած են վաղեմի յարաբերութիւններով:

Ըստ դիւանագէտին, երկու երկիրները պէտք է կանխարգիլեն թիւրիմացութիւնները երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ, եւ պէտք է շարունակեն իրենց յարաբերութիւնները ճիշդ եւ արագ զարգացող ուղղութեամբ:

Ան այնուհետեւ, մատնանշած է իրանեան բեռնակառքերու տարանցման խնդիրը եւ ըսած, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կ՛ակնկալէ, որ Ազրպէյճանը արդիւնաւէտ քայլերու պիտի ձեռնարկէ իրանեան բեռնատարներու տարանցիկ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:

Պայրամով իր կարգին ընդգծած է երկխօսութեան եւ հանգիստ ու անկեղծ միջավայրի մէջ խնդիրները լուծելու անհրաժեշտութիւնը: Ան առաջարկած է, որ երկու երկիրներու մաքսային ծառայողները անմիջական բանակցութիւններ վարեն իրանեան ապրանքներու տարանցման խնդիրները լուծելու համար:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ընդգծած է բեռնակառքերու իրանցի երկու վարորդներու ազատ արձակման հասնելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

Անհեթեթ Նկատելով Իրանի Յայտարարութիւնները. Ալիեւ Կը Դժգոհի Ռուս Խաղաղապահներէն

Յաջորդը

Ազրպէյճան Ազատ Արձակած Է Հայաստանի Տարածքին Մէջ Իր Ձերբակալած Իրանցի Վարորդները

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.