Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ափսո՜ս…

October 14, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՊՈՒՀ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Ահաւասիկ տարուէ տարի մենք հետեւողական կերպով կը նշենք Սրբոց Թարգմանչաց տօնը, առանց դոյզն չափով իսկ անդրադառնալու, որ այսօր հայ գիրքը անտեսուած է եւ հետզհետէ կ՛անարգուի մեր ներկայ սերունդէն…

Ժամանակին չկար աւանդական տուն մը, որ չունենար իր հայկական գիրքերու ճոխ գրադարանը, Խորենացիէն ու Նարեկացիէն սկսեալ` Աբովեան, Րաֆֆի, Չարենց եւ Մեծարենց: Մարդիկ ժամանակ կը տրամադրէին հայ գիրքերու ընթերցանութեան, հաճոյք կար ընթերցանութեան մէջ, որովհետեւ բացակայ էին հեռատեսիլը, համակարգիչը, բջիջային հեռախօսը եւ այլ բազմաթիւ խաղատեսակներ, որոնք ողողած են ներկայի շուկան եւ յափշտակած ու կլանած երեւակայութիւնը նորահաս սերունդին:

Ներկայիս անտեսուած են հայ գրողները, ուսուցիչները, մշակները, մտաւորականները, որոնք անվերջ հոգեւոր սնունդ հայթայթած են իրերայաջորդ սերունդներու, հայեցի դիմագիծ ջամբած են եւ վտիտ մոմի նման լոյս ճառագայթած: Անոնք են, որ կամաւորապէս  սպառած են, որպէսզի ազգին հոգեւոր լոյսը չհանգի, եւ մեր զաւակները չզրկուին էական կրթութենէ:

Ժամանակին հայ գիրքը կը փնտռուէր, կը յափշտակուէր ու ագահօրէն կ՛ընթերցուէր ժողովուրդին կողմէ: Այլ խօսքով` պահանջ կար, այժմ զգալի է, որ այդ պահանջը հետզհետէ կը նուազի, իսկ ոմանց մօտ արդէն բոլորովին կը մարի:

Ժամանակները փոխուած են, ճի՛շդ է, բայց մարդիկ իրե՛նք փոխած են զայն` իրենց հետաքրքրութեանց սլաքը ուղղելով դէպի նիւթը, անցողիկը, անհրապոյրը:

Այսօր բաւականին շեղած ենք մեր ճշմարիտ ուղիէն ու գաղափարականէն, հայերէն գիրքերը ներկայիս անտեսուած են հասարակութեան լայն խաւին կողմէ, ներկայ երիտասարդ սերունդը չունի հետաքրքրութիւն եւ ընթերցման ծարաւ: Հայ գիրքին ներկայութիւնը հայ օճախէն ներս դարձած է անիմաստ, վասնզի զետեղուած է գրադարանի մէջ` իբրեւ զարդ:

Արդ, ո՞ւր կ՛ուղղուինք ազգովին…

Երանի այսօր` Թարգմանչաց տօնին առիթով, հայեր ամէնուրեք երկիւղածութեամբ եւ յարգանքով վերաբերէին հայ գիրքի հանդէպ, գուրգուրային անոր վրայ եւ զայն դարձնէին ընտանիքի անբաժանելի մէկ մասնիկը:

Վերջապէս մեր բիւր յարգանքը բոլոր նուիրեալ անհատներուն, որոնք տիւ եւ գիշեր հայուն պատիւը բարձր կը պահեն:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Մեր Զաւակներն Ալ Գողցան…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.