Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստին. Բանակը ՄԱԿ-էն Պահանջեց Իսրայէլի Վրայ Խիստ Ճնշում Բանեցնել

October 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի նիստ մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու եւ լիբանանեան բանակի սպաներու պատուիրակութեանց, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ-զօրավար Հասիպ Ապտոյի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծին իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ լիբանանեան կողմը դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ գործադրուող յարձակումներն ու բռնարարքները, ինչպէս նաեւ օդային, ծովային եւ ցամաքային ոտնձգութիւնները:

Լիբանանեան կողմը վերահաստատեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը` Իսրայէլը պատասխանատու նկատելով այդ բանաձեւին դէմ գործուած բոլոր խախտումներուն, որոնց լոյսին տակ բանակը ՄԱԿ-էն պահանջեց Իսրայէլի վրայ խիստ ճնշում բանեցնել, որպէսզի ան վերջ տայ իր յարձակումներուն:

Լիբանանեան բանակը շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը պէտք է դուրս գան իրենց բռնագրաւած լիբանանեան տարածքներէն, յատկապէս սահմանային Կապոյտ գիծի հիւսիսային շրջանէն, Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ Ղաժարէն` վերջ տալով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իրենց ոտնձգութիւններուն, լիբանանցի հովիւներուն եւ երկրագործներուն դէմ իրենց գործած բռնարարքներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան օդային տարածքներէն Սուրիոյ ռմբակոծումին:

Տել Քոլ հաստատեց եռակողմանի նիստին կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն օգտագործելու իրենց յարաբերական կապերու գործիքակազմը` ամրապնդելու համար փոխադարձ շահերը:

Նախորդը

Միասնական Ուղղագրութիւնը` Անհրաժեշտ

Յաջորդը

«Իրան Ամբողջական Յարգանք Կը Տածէ Լիբանանեան Գերիշխանութեան Նկատմամբ Եւ Կը Փափաքի Ամէն Իմաստով Զօրակցիլ Երկրին» Շեշտեց Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.