Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատքն Ու Սէրը

October 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ

Գէորգ Հաճեան անունը իմ կեանքիս մէջ տեղ գտաւ, երբ ամուսնացաւ քենիիս` Ֆրիտային հետ, եւ դարձանք քենեկալներ: Իմ հասկացողութեամբս, երկու քոյրերու ամուսիններն ալ կ՛ըլլան երկու եղբայրներ: Եւ իրապէս ալ այդպէս եղաւ: Առաջին օրէն իսկ մենք իրարու շատ մօտիկ կը զգայինք, գրեթէ նոյն դաստիարակութիւնը ունէինք:

Պատանի տարիքէն եղած էր դպիր, ՀՅԴ պատանեկան միութեան անդամ, ԼԵՄ-ական, ապա կուսակցական, ինչպէս նաեւ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի աշակերտ, ինչպէս ես: Սակայն ինք, որ ինձմէ տարիքով աւելի փոքր էր, ես իրմէ շատ բան փորձած եմ սորվիլ եւ սորվածս գործադրել: Սակայն չկրցայ ըլլալ իրեն նման, որովհետեւ ինք տարօրինակ հաւատք ու սէր ունէր իր մէջ: Հաւատքն ու սէրը գործի վերածող անձ էր:

Դիւրին չէ խօսիլ կամ գրել Գէորգ Հաճեանին մասին, հակառակ անոր որ ինք շա՜տ եւ շա՛տ պարզ ու համեստ անձնաւորութիւն մըն էր: Այդպէս ալ էր իրեն համար կեանքը` ամէն ինչ պարզ եւ դիւրին: Ես, եւ վստահաբար շատեր, կը վկայեն ատոր գաղտնիքը, որովհետեւ հաւատքն ու սէրը Գէորգին էութիւնը կը կազմէին: Ո՛ւր որ ներկայ ըլլար, հոն կ՛ըլլար կենդանութիւն, խանդավառութիւն եւ լաւատեսութիւն:

Երբ կը սիրէր, կը սիրէր հաւատքով. հաւատքով կը սիրէր հայրենիք Հայաստանը, հաւատքով կը սիրէր պաշտելի կուսակցութիւնը` Դաշնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին ու հայ մշակոյթը:

Գէորգին եզակի յատկութիւնները ունեցող քիչեր կան: Ան հայ էր բառին ամբողջական իմաստով, միաժամանակ ունէր մարդասիրական, մշակութային եւ մարտական յատկութիւններ: Հաւատքն ու սէրը գործի վերածող տղայ էր, եւ այդ երկուքը ինք պսակեց իր նահատակութեամբ:

Երբ Լիբանան գար` գործով կամ պարզ այցելութեամբ, անպայման մեր տունն ալ կը մնար, եւ մինչեւ ուշ գիշեր կը զրուցէինք բնականաբար ազգային, եկեղեցական եւ մշակութային նիւթերու մասին, չէի զգար, թէ ժամանակը ինչպէ՛ս կը գլորուէր: Օր մըն ալ ըսաւ. «Քենեկա՛լ ջան (այդպէս կը դիմէինք իրարու), Հայաստան պիտի փոխադրուինք»: Ըսի. «Լաւ մտածէ, դիւրին չէ այս օրերուն»: Չձգեց երկար խօսիմ այդ մասին, անմիջապէս ընդմիջեց եւ ըսաւ. «Քենեկա՛լ ջան, Հայաստանը ծովն է, եւ ես ալ ձուկը,- խնդաց եւ շարունակեց,- քալէ, դուն ալ այս Արապիստանէն դուրս եկուր»: Միասնաբար խնդացինք:

Մեր ծանօթութեան առաջին օրէն մինչեւ իր նահատակութիւնը միշտ յարգած էր զիս` իբրեւ մեծ եղբայր եւ ընկեր, ինչպէս` ես զինք:

Գէորգը ինծի համար եղած է ընկեր, եղբայր, ապա` քենեկալ:

Ընկերս Գէո՛րգ, հասար սրբազան նպատակիդ եւ միացար մեր անմահներու փաղանգին:

Փա՛ռք ու պատիւ անմահ հերոս նահատակներուն:

Խունկ ու մոմ` քու անթառամ յիշատակիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ քենեկալ ջան:

 

 

 

Նախորդը

Գէո՛րգ, Լո՞ւրջ Էիր

Յաջորդը

Յաւերժութեան Ճամբորդ` Հայրենեաց Երգը Շրթերին

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.