Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դրամատուներու Միութիւն. «Կը Մերժենք Պաշտօնեաներուն Եւ Մասնաճիւղերուն Վրայ Յարձակումները»

October 4, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դրամատուներու միութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ խիստ մերժելի են դրամատուներուն եւ դրամատուներու պաշտօնեաներուն վրայ ծրագրաւորուած յարձակումները, որոնք կը կատարուին երկու տարիէ ի վեր:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ յարձակումները իբրեւ թէ կը կատարուին պահ դրուած գումարներ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով:

Դրամատուներու միութիւնը հաստատեց, որ ինք կազմաւորուած իշխանութիւն չի ներկայացներ, այլ` պարզապէս կը գործադրէ այն շրջաբերականները, որոնք կը հրապարակուին Կեդրոնական դրամատան կողմէ, ինչպէս նաեւ այն օրէնքները, որոնք կը վաւերացուին խորհրդարանին կողմէ:

Դրամատուներու միութիւնը հաստատեց, որ դրամատուներէն ստացուելիք ամերիկեան տոլարով գումարները ինք չի ճշդեր, ո՛չ ալ տոլարին փոխարէն ինչ սակի հիման վրայ լիբանանեան դրամանիշով վճարելու դրութիւնը կ՛որոշէ:

Դրամատուներու միութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ եւ իր բոլոր նիստերուն ընթացքին կը պահանջէ լիբանանեան պետութեան ձախողութեան պատասխանատու չնկատել այն քաղաքացիները, որոնք իրենց գումարները պահ դրած են:

Դրամատուներու միութիւնը կը մերժէ հերքաթի դրութիւնը եւ ցարդ քեփիթըլ քոնթրոլ կը պահանջէ:

Դրամատուներու միութիւնը կոչ ուղղեց դրամատուներուն մէջ գումարներ ունեցող բոլոր քաղաքացիներուն ուղղելու իրենց շարժումները եւ հրաժարելու սպառնալիքի քաղաքականութենէն ու բռնարարքներէն, ինչպէս նաեւ միասնական կերպով պահանջելու նոր բանակցութիւններ ունենալ` պատասխանատուներուն հետ:

«Դրամատուներու միութիւնը կը զօրակցի պահ դրուած գումարներ ունեցող քաղաքացիներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն համաձայն անցընել այս դժուար փուլը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Թրաֆ Այցելեց Մաուլաուիի Եւ Խալիլի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.