Նախորդ շաբաթավերջին, Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Ախոյեանութեան վերջին օրը, Հայաստանի գործող ախոյեան Յովհաննէս Գաբուզեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին, մինչ Ռոպերթ Յովհաննիսեան պարտութիւն կրեց:
Գաբուզեան գրաւեց 19-րդ դիրքը, Սարգսեան` 26-րդ, Մարտիրոսեան` 32-րդ (7-ական կէտ):
6,5 կէտ ապահովելով Յովհաննիսեան գրաւեց 36-րդ դիրքը, մինչ Տէր Սահակեան հանդիսացաւ` 64-րդ (6 կէտ):
Տիտղոսին տիրացաւ ռուս Անթոն Տեմչենքօ, որ ապահովեց 8,5 կէտ:
Այսպիսով, 1-23-րդ դիրքերը գրաւած ճատրակ խաղացողները, որոնց կարգին` Գաբուզեան, ապահովեցին աշխարհի բաժակի մրցաշարքին իրենց տոմսերը:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 36 երկիրներէ 180 ճատրակ խաղացողներ:



