Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՛չ Ինքնապարտուողականութեան

August 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ–ԱՐՄԷՆ

Ժողովուրդ մը կ՛ապրի, եթէ ուզէ՛ ապրիլ:

Իսկ ան կը պարտուի, եթէ ինքզինք պարտուած զգայ, եթէ ինքզինք պարտութեան մատնէ:

Այս օրերուն, երբ, հակառակ բոլոր բացասական պայմաններուն, Ողիմպիական խաղերը դարձեալ կը կայանան, կ՛արժէ վերյիշել արդի խաղերու հիմնադիր Փիեռ Տը Քուպերթենի այն խօսքը, որ 1948-ին Լոնտոնի խաղերու մարզադաշտի մուտքին զետեղուած էր, եւ որ պատահաբար աչքիս զարկաւ օրաթերթի մը էջերուն մէջ. «Ողիմպիական խաղերուն մէջ կարեւորը յաղթելը չէ, այլ մասնակցիլը: Կեանքին մէջ կենսականը նուաճելը չէ, այլ լաւ կռուիլը»:

Չէի կրնար անմիջապէս չտեսնել այս խօսքին իմաստութիւնը` առնչուած մեր իրականութեան` հայութեան ներկայ վիճակին, ու չմղուիլ կարդալու զայն սա ձեւով. «Քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ կարեւորը յաղթելը չէ, այլ մասնակցիլը, ժողովուրդի մը կեանքին մէջ կարեւորը նուաճելը չէ, այլ լաւ կռուիլը»: Եւ չէի կրնար անմիջապէս չյիշել Քրիստափորի անմահ պատգամը. «Յարատեւ կռիւ,- յաճախ եւ երկար ժամանակ, գուցէ անյաջող` չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին,- ահա թէ ո՛ւր է մեր փրկութեան բանալին»:

Յարատեւ կռուիլ, այսինքն` լաւ կռուիլ, այսինքն` զէնքը վար չդնել, ձեռնթափ չըլլալ, չվհատի՛լ:

Այո՛, պարտուեցանք: Այո՛, լա՛յն ծաւալ ունեցաւ մեր պարտութիւնը: Մե՛ծ եղաւ մեր կորուստը, մեծ եղան մեր կորուստները` հողային ըլլայ թէ մարդկային, նիւթական ըլլայ թէ հոգեկան:

Մեր բազմահազարամեայ պատմութեան ընթացքին նման կորուստներ, աւելի ահաւոր, աւելի մահացու պարտութիւններ կրած ենք մենք: Վերջինը` 1915-ին ծայր տուած, նոյնիսկ անկէ տասնամեակներ առաջ սկսած ու տակաւին վերջ չգտած: 2020-ի նոյեմբերն ալ կարելի է պարզապէս շարունակութիւնը համարել Մեծ եղեռնին, գուցէ առաջին հերթին` մե՛ր իսկ մեղքով: Կարելի է նաեւ հրաշքներու կարգին դասել Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնումը 1918-ին, անոր վերանկախացումը` 1991-ին: Բայց ահա՛ փաստի առջեւ ենք: Կռիւը չէր կրնար վերջ գտած ըլլալ: Ո՞վ գիտէ, թերեւս պիտի չօրօրուէինք սի՜ն յոյսերով եւ պարծանքներով: Պատերազմը կը շարունակուէր մեր կռնակէն, դաւերը կը նիւթուէին մեզմէ գաղտնի:

Յարատեւ կռիւ…

Չմոռնանք: Ժամանակի ընթացքին կը վերականգնին կորուստները, կը վերանուաճուին հողերը, կը վերաբազմանայ ժողովուրդը: Կարեւորը, սակայն, ամէնէն առաջ ու ամէնէն աւելի հոգեկան արիութեան վերականգնումն է: Նոյեմբերը մեզ ամէնէն աւելի հարուածեց այդ տեսակէտէն:

Ասոր համա՞ր էր, որ տասնամեակներով անդուլ աշխատեցանք, պայքարեցանք, ամէն տեսակ զոհողութիւն յանձն առինք, մեր չունեցածը նուիրաբերեցինք, մեր քունը փախցուցինք, մեր հաճոյքներէն հրաժարեցանք, տուինք ու տուինք:

Ասոր համա՞ր էր, որ անսովոր կեանք մը ապրեցանք, հա՛յ ուզեցինք ապրիլ, Դա՛տ հետապնդեցինք: Եկեղեցի-դպրոց, ակումբ կառուցեցինք, փոքրիկ Հայաստաններ կերտեցինք տարաշխարհի մէջ, իսկ վերանկախացած Հայաստանը դարձուցինք մեր կիզակէտը:

Հիմա իրապէս որքա՜ն արագ կրնանք յուսահատիլ, հրաժարիլ մեր հետապնդած նպատակներէն, հրաժարիլ մեր հայութենէն ալ, խառնուիլ ուրիշներու, մերուիլ տեղական շրջանակներուն ու կապերը խզել հայութեան հետ: Մոռնալ ամէ՛ն ինչ:

Ահա՛ ճիշդ այդտեղ է, որ իմաստ կ՛առնեն Տը Քուպերթենի թէ Քրիստափորի պատգամները:

Լա՛ւ կռուիլ: Յարատե՛ւ կռուիլ:

Եւ հիասթափելու փոխարէն, ինքնաքննութիւն կատարել: Վհատելու տեղ, հասկնալ, թէ ի՛նչ սխալ ըրինք, որ հոս հասանք: Փոխանակ թեւերը ծալելու, վերլուծենք, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք մեր մէջքը շտկելու եւ մեր երթը շարունակելու համար: Մանաւանդ ստորակայութեան զգացումին տեղ վճռակամութիւնը ունենանք մեր` իբրեւ ժողովուրդ ապրելու անսակարկելի իրաւունքին տէր կանգնելու:

Վերջապէս քաջութիւնը ունենանք ընդդիմանալու մեզ պառակտել ջանացող բոլոր փորձերուն, դուրսէն ըլլան անոնք թէ ներսէն:

Այո՛, յարատեւ կռիւ:

Գիտակցինք, սակայն, որ ազգի մը տարեգրութիւնը տարիներով, տասնամեակներով կամ հարիւրամեակներով չէ, որ կը գրուի: Ան կը գրուի այնքան երկար ատեն, որ ազգը կ՛որոշէ չմեռնիլ: Կը վճռէ ապրի՛լ:

Ահա՛ այս տեսլականով պիտի շարունակենք մեր երթը: Մեր` հայութեա՛ն, մեր ազգային կառոյցներո՛ւն, մեր հաւատքի տուներո՛ւն, մեր կրթական հնոցներո՛ւն, մեր մամուլի՛ն, այլեւ մանաւանդ մեր ազգային կուսակցութիւններուն` ՀՅ Դաշնակցութեան եւ բոլոր միւսներուն, որոնք կը յաւակնին տակաւին ազգային կոչուիլ:

Վերջին խօսքը Քրիստափորինն է. «Պահպանե՛նք, շարունակենք կռիւը, որպէսզի լայնանայ, ընդարձակուի եւ ընդարձակուելով յարատեւի,- ահա դէպի մեր նպատակը տանող միակ ճանապարհը: Չշեղուենք այդ ճանապարհից, որ պատճառների եւ հետեւանքների կապակցութեամբ ունի պատմութեան մէջ հաստատուած օրէնքի ուժ. չշեղուենք այդ միակ ճանապարհից, որ սփռուած է յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով»:

«Դրօշակ», թիւ 8 (1654), օգոստոս, 2021 թ.

Նախորդը

Թրքական Կայսերապաշտութեան Հաշուեյարդարը

Յաջորդը

Թոքիոյի Ողոմպիական Խաղերն ու Մենք

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.