Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ համախմբումը կը վերահաստատէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ գործակցութեամբ, ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը:
«Կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն ունենայ կասեցնելու երկրին փլուզումը, ինչպէս նաեւ իրականացնելու անհրաժեշտ բարեկարգումը, մասնաւորաբար իրաւական հաշուեքննութիւնը, Լիբանանէն դուրս փոխանցուած գումարներուն երկիր վերադարձը, Քեփիթըլ քոնթրոլի օրէնքն ու ծանօթ բոլոր բարեկարգումները», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Համախմբումը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչէն պահանջեց պատասխանատուութեամբ վարուիլ Լիբանանը յուզող տագնապներուն հետ, յատկապէս վառելանիւթի, դեղորայքի եւ ելեկտրականութեան տագնապներուն, որոնց կողքին նաեւ այն աւերին, որ կը գործուի առողջապահութեան, ճարտարարուեստի, երկրագործութեան, զբօսաշրջութեան, առեւտուրի եւ տնտեսութեան մարզերուն մէջ:
Համախմբումը խստիւ քննադատեց օժանդակութիւններուն պարագային արձանագրուող կողմնակալութիւնը` հաստատելով, որ անիկա լիբանանցիներուն դէմ գործուած ոճիր է: «Լիբանանցի ժողովուրդը միշտ շանթաժի պատանդ կը մնայ: Երկրին տնտեսութիւնը մնայուն փլուզումի մէջ է, երկրին գործադիր իշխանութիւնը թերացած է իր դերակատարութիւնը ստանձնելու առումով, իսկ ապահովական եւ զինուորական կառոյցները կը թերանան մաքսանենգումին դէմ իրենց պայքարին մէջ: Այս առումով համախմբումը կը պահանջէ հատուցման քարտի դրութիւնը անմիջապէս գործադրել», ընդգծեց համախմբումը:
Համախմբումի հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ լիբանանցիները վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան թղթածրարներուն պարագային սուղ կը վճարեն կարգ մը կուսակցութիւններու եւ քաղաքական ուժերու քինախնդրութեան սակը: «Քաղաքական այնպիսի ուժերու, որոնք իրենք զիրենք արտօնեցին խանգարել Ելեկտրականութեան ընկերութեան տրուելիք գումարը, որով նաւթ պիտի գնուէր եւ ելեկտրական հոսանք տրուէր լիբանանցիներուն: Այդ որոշումին պատճառով գրեթէ մէկ միլիառ տոլարի հասնող վառելանիւթի սեւ շուկայ մը ստեղծուած է, իսկ լիբանանցին դէմ յանդիման գտնուած է ելեկտրածին շարժակներու ստացագիրներու դիմաց, որոնք սովորական ելեկտրականութեան սակէն 20 անգամ աւելի են, եւ քաղաքացիները կարողութիւն չունին վճարելու այդ գումարները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Համախմբումը շեշտեց, որ նման քաղաքական ուժեր պէտք է հաշուետուութեան ենթարկուին իրենց կատարած քանդիչ եւ ամբոխահաճոյ վարուելակերպին համար: «Անոնք են իսկական պատասխանատուները երկրին մէջ ստեղծուած մազութի տագնապին, որ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ բոլոր մարզերուն վրայ եւ ուղղակիօրէն հարուած կը հասցնէ քաղաքացիներուն կեանքին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Համախմբումը խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները` ընդգծելով Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն իրաւունքը երկիրը եւ գերիշխանութիւնը պաշտպանելու առումով:
Համախմբումը հաստատեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ այդ բանաձեւը 2006-էն ի վեր համեմատական կայունութիւն մը կրցած է ապահովել եւ Լիբանանը պաշտպանել յաւելեալ յարձակումներէ ու պատերազմներէ:
Համախմբումը մերժեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ մղուող անբարոյ արշաւը` վերջին իրադարձութիւններուն մասին անոր արտայայտած կեցուածքին պատճառով:
«Տեսակէտի արտայայտութիւնը Լիբանանի մէջ ոճիր չէ, սակայն անոր դէմ յարձակումը ոճիր է, իսկ այդ տեսակէտը դաւաճանութիւն նկատելը յաւելեալ մեծ ոճիր է, յատկապէս երբ անիկա Ռայի պատրիարքին կեցուածքն է: Հոգեւոր հեղինակութիւն մը, որ ազգային խիղճին խորերը կը պեղէ եւ կասկած չառթող գերիշխանական կեցուածքներ կը ճշդէ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
«Անհրաժեշտ է, որ խորհրդարանի նախագահութիւնը այսօրուան խորհրդարանի լիագումարին ընթացքին քուէարկէ պետական անձնաւորութիւնները անձեռնմխելիութենէ զրկելու Թարեք Պիթարի պահանջը», շեշտեց համախմբումը:



