Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւն. «Իրանի Հետ Հիւլէական Բանակցութիւնները Կրնան Վերսկսիլ Սեպտեմբերի Սկիզբը»

August 9, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը շաբաթ օր յայտնեց, որ «Իրան պատրաստ է հիւլէական համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւններուն վերսկսելու»` նշելով, որ Վիեննայի մէջ բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ սեպտեմբերի սկիզբը:

Նշենք, որ Իրանեան հիւլէական թղթածրարին հարցով Եւրոպական Միութեան սպանացի պատուիրակ Էնրիքէ Մորա հինգշաբթի օր ներկայ գտնուեցաւ Թեհրանի մէջ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի երդման արարողութեան:

Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարը յայտնեց. «Էնրիքէ Մորան Թեհրան մեկնեցաւ իբրեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարար Ժոզեփ Պորելի ներկայացուցիչ եւ Գործողութիւններու համապարփակ եւ միացեալ ծրագիրի յանձնախումբի համակարգող»:

Ան աւելցուց, որ Մորա «պահանջեց քննարկել Գործողութիւններու համապարփակ եւ միացեալ ծրագիրը եւ իրեն հետ երկխօսութիւն կատարելու համար ընտրուած անձը Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանն էր», որ Իրանի նոր արտաքին գործոց նախարարը դարձաւ: «Այս բանակցութիւնները շատ օգտակար էին եւ առիթ տուին պատգամներ ուղղելու, մասնաւորաբար նկատի ունենալով վերջին շաբաթներուն ընթացքին իրանեան հիւլէական գործունէութեան յառաջացուցած մտահոգութիւնը», նշեց ան:

«Իրանցիները յայտնեցին իրենց մտադրութիւնը Վիեննայի մէջ բանակցութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ շարունակելու, եւ հիմնուելով այն բնագիրին վրայ, որ սեղանի վրայ էր 30 յունիսին այդ բանակցութիւններուն առկախման ժամանակ», աւելցուց եւրոպական աղբիւրը: Ան նշեց, որ իրանցիները իրեն յայտնած են, որ «պատրաստ են Վիեննայի մէջ բանակցութիւններուն վերադառնալու, սակայն չեն ուզեր քննարկման սիրոյն քննարկում կատարել: Անոնք համաձայնութիւն կ՛ուզեն, յաջողութիւն կ՛ուզեն»:

Մորա Թեհրանէն հեռանալէ ետք իր քննարկումներուն մասին զեկուցած է Միացեալ Նահանգներուն:

Բարձաստիճան պաշտօնատարը յայտնեց, որ «իրանցիները նախ պէտք է կառավարութիւն կազմեն եւ նոր արտաքին գործոց նախարար մը առաջադրեն, ապա Վիեննայի մէջ բանակցողներու խմբակ նշանակեն»` նշելով. «Բանակցութիւնները կրնան սեպտեմբերի սկիզբը վերսկսիլ»:

Ան նաեւ ըսաւ. «Իրանցիները իրենց կեցուածքին մէջ փոփոխութեան չակնարկեցին, եւ անոնց մտահոգութիւնները կը մնայ անոնց բանակցողներուն արծարծածները»:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Կը Յայտարարէ, Որ Վրաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Կ՛աջակցի

Յաջորդը

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Նոր Տարեշրջանը Սկսաւ Յաղթանակով. Միշել Տէր Զաքարեանի Կազմը` Պրեսթ, Լիոնի Հետ Արձանագրեց Հաւասարութիւն Մը

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.