Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պենեթ. «Կը Մերժենք Հարաւային Լիբանանէն Կատարուած Հրթիռարձակումը»

August 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Նեֆթալի Պենեթ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն հարաւային Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումը` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակն ու պետութիւնը պէտք է այս իմաստով պատասխանատուութիւն ստանձնեն:

Պենեթ ընդգծեց, որ Իրան եւ Հըզպալլա հիւսիսային Իսրայէլի սահմանային կացութիւնը լարուածութեան կը մատնեն:

Ան նշեց, որ իրենց համար անկարեւոր է, թէ այդ հրթիռները արձակողները որո՛նք են` ըլլան անոնք պաղեստինեան խմբաւորումներ, թէ խուլիկաններ, «սակայն Իսրայէլ կտրականապէս կը մերժէ հարաւային Լիբանանէն կատարուող հրթիռարձակումը», վերահաստատեց Պենեթ:

Ան դիտել տուաւ, որ Իրան նման քայլերու մղելով ամբողջ շրջանին ապահովական կայունութիւնը կը խախտէ` աւելցնելով, որ իրանցիները պէտք է քաջ գիտնան, որ կարելի չէ այս վարուելակերպով շարունակել` առանց այդ վարուելակերպին գինը սուղ վճարելու:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ Հըզպալլայի այն մարտիկը, որ Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակում կատարած էր եւ Շուայայի մէջ ձերբակալուած, կարճ ժամանակ առաջ կը գտնուէր իսրայէլեան սահմանակից շրջանին մօտ վայրի մը մէջ` սովորական հագուստներով:

Ատրահի յայտնեց, որ անոնք Հըզպալլայի խուլիկաններէն են, որոնք սովորական հագուստներով կը ներկայանան` խախտելու համար Լիբանանը յանձնառութեան տակ դնող միջազգային բանաձեւերու գործադրութիւնը:

Հըզպալլայի մարտիկը տիւրզիական շրջաններէ կատարեց այդ հրթիռարձակումը, որպէսզի տիւրզիական շրջանները եւս մեղսակից դարձնէ լարուածութեան: «Ասիկա մէկը այլ փաստ մըն է, թէ ինչպէ՛ս Հըզպալլա կը սպառնայ լիբանանեան գերիշխանութեան, լիբանանեան համայնքներուն եւ միջազգային որոշումներուն», ըսաւ Ատրահի:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան. «Փրկութեան Կառավարութեան Մը Կազմութիւնը Քաղաքացիներուն Ցաւերը Ամոքելու Սկիզբն Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.