Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւելի Քան Ընկեր` Եղբայր

July 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Միջնակարգի առաջին տարիս էր, երբ Ներսէսին ծանօթացայ: Օրերու, շաբաթներու, ամիսներու եւ տարիներու ընթացքին մենք դարձանք լաւագոյն ընկերներ:

Ներսէսը իսկապէս տարբեր էր: Արտասովոր տիպար մըն էր, որ կարողութիւն ունէր ամէն տեսակի նեղութիւն ուրախութեան վերածելու: Իր բարեկամներէն ոեւէ մէկը չէր կրնար գիտնալ, թէ իր ներաշխարհին մէջ կամ իր առանձին եղած պահերուն Ներսէսը ի՞նչ կը մտածէր կամ ինչպիսի՞ ցաւ կը զգար:

Լուռ եւ միաժամանակ զգալի ներկայութիւն էր: Գառնուկի սրտով եւ առիւծի հզօրութեամբ տիպար մըն էր: Սկաուտական «Միշտ պատրա՛ստ» եւ երէց փաղանգի «Միշտ օգնող» նշանախօսերը մարմնաւորած` գաղութի աշխուժ անդամն էր: Վերջապէս, ժողովուրդին կողքին ըլլալու, ժողովուրդին ցաւը մեղմացնելու եւ իւրաքանչիւր անհատի յոյս ներշնչելու համար յառաջնագիծ գացող ԼԵՄ-ականն էր:

Կը դժուարանամ այս տողերը գրել: Տասնեակ հատորներով գիրք մը նոյնիսկ բաւարար չէ ամէն բան ըսելու եւ կատարեալ կերպով Նէնոն ներկայացնելու: Արցունքներու ովկիանոս մը նոյնիսկ բաւարար չէ իմ, իր ընկերներուն եւ յատկապէս իր ընտանիքին խոր վիշտը արտայայտելու:

Ներսէսին բացակայութիւնը ծանր է: Որքան դժուար է լաւագոյն ընկերդ ու բարեկամդ հողին յանձնել: Որքան անընդունելի եւ ընդվզեցուցիչ է այս աշխարհի  անարդարութիւնը: Իւրաքանչիւր փողոցի մէջ չեմ կրնար Ներսէսը չփնտռել: Այդ բոլոր յիշատակները եւ ուրախ պահերը կ’ալեկոծեն միտքս ու կը ճզմեն սիրտս: «Ինչո՞ւ ասանկ եղաւ» հարցադրումը կը ճնշէ մտքիս: Կը վախնամ տարիներու ընթացքին կարգ մը յիշատակներ մոռնամ: Բայց արդեօք կարելի՞ է մոռնալ:

Այսօր առանց Ներսէսին այս կեանքը աւելի ծանրացաւ եւ դժուարացաւ:

Քանի մը տարի առաջ Ներսէսը ինծի հարցուց. «Գէո՛րգ, եթէ ես մահանամ կը նեղուի՞ս». բնականաբար, ես այդ ատեն ըսի. «Ասանկ բաներ մի՛ խօսիր»: Այսօր իր այդ հարցումին պատասխանը ստացած է:

Ներսէսը մեր լաւագոյնն էր, անկեղծութիւն եւ խիղճ մէջտեղ բերող բարեկամն էր:

Սիրելի Ներսէ՛ս, յիշատակդ վառ պիտի մնայ: Դուն ոչ միայն ընկերս էիր, այլ նաեւ` եղբայրս: Եթէ օր մը դարձեալ հանդիպինք, կ’ուզեմ կրկին բարեկամներ ըլլանք եւ միասնաբար զրուցենք, խնդանք եւ երազենք:

Մինչ յաջորդ հանդիպում, խաղաղ ննջէ, անգի՛ն եղբայրս:

 

 

Նախորդը

Ներսէսին Ընկերներուն Սրտի Խօսքերը

Յաջորդը

Դասեր` Ներսէսէն

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.