Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը Լիբանանի Վարչակարգի Տագնապին Դրսեւորումն Է»

July 6, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ խօսք մը արտասանեց Տեղեկատուական յատուկ հանդիպումին, որ նուիրուած էր Պաղեստինի յաղթանակին նուիրուած տեղեկատուական բառամթերքին վերաորակաւորման եւ արդիականացման:

Այս առիթով սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ պէտք է տեղեկատուական դիմադրութիւնը զարգացնենք, այնպէս ինչպէս զինուորական դիմադրութիւնը:

Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին` հաստատելով, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը Լիբանանի վարչակարգի տագնապին դրսեւորումն է, ինչպէս նաեւ մնայուն չարաշահումի, աւազակութեան եւ փտածութեան հետեւանքը:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապին գլխաւոր պատճառը ամերիկեան շրջափակումն է, որ կ՛ուզէ արգիլել ու պատժամիջոցի ենթարկել Լիբանանին հանդէպ ցուցաբերուելիք որեւէ օժանդակութիւն:

«Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն է, որ Լիբանանի յատկացուելիք բոլոր օժանդակութիւնները կ՛արգիլէ, իսկ ամերիկեան վարչակազմը կ՛արգիլէ Լիբանանին` դիմելու իր Արեւելքի բարեկամներուն», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ամերիկեան շրջափակումին նպատակն է լիբանանցի ժողովուրդն ու Դիմադրութեան միջավայրը Դիմադրութեան դէմ լարել, «ամերիկեան դեսպանատունը գործընկեր է լիբանանեան դրամանիշը արժեզրկելու արարքին մէջ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի մէջ փտածներուն դաշնակիցն են», աւելցուց սէյիտ Նասրալլա:

Խօսելով կառավարութեան կազմութեան մասին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերը վճռորոշ են կառավարութեան կազմութեան առումով` նշելով, որ կատարուելիք հանդիպումներուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի յստակ դարձնել այդ հոլովոյթը:

Սէյիտ Նասրալլա ցաւ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին ամբաստանեալները տեղեկատուութեան մարզին ընդմէջէն բացայայտուեցան: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք Լիբանանի մէջ իսկական դատական գործունէութիւն կա՞յ, թէ՞ քաղաքական թիրախաւորում է պատահածը:

Ան շեշտեց, որ արդարութիւնը տակաւին հեռու է, իսկ ճշմարտութիւնը` քողարկուած:

 

 

Նախորդը

Աքըր Ասմարի Հետ Քննարկեց Տիրող Ներկայ Տագնապին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Դատախազ Խուրի Պիթարի Պահանջները Հասցուց Համապատասխան Մարմիններուն

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.