Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շիա. «Կը Մաղթեմ, Որ Յառաջիկայ Տարուան Ընթացքին Պատասխանատու Քայլեր Առնուին` Լիբանանը Իր Տագնապներէն Դուրս Բերելու Նպատակով»

July 5, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 244-ամեակին առիթով դեսպանատան մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ նախորդ տարին շատ դժուար էր բոլորին համար:

«Մենք ձեզի հետ կը բաժնենք այն յուսախաբութիւնը, որ ապրեցաք` «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով Միացեալ Նահանգներ չկարենալ ճամբորդելու համար, սակայն չեմ ուզեր յուսախաբութիւններուն եւ յուսալքումին վրայ կեդրոնանալ, այլ` կ’ուզեմ շնորհաւորել ձեզի կացութեան եւ պայմաններուն հետ համակերպելու, հարցերը հասուն մօտեցումով դիտելու  եւ տիրող յուսալքումէն դուրս գալու յառաջատարը ըլլալու առիթով», ըսաւ Շիա:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ արդէն իսկ օրեր կը բաժնեն բոլորս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Ա. տարելիցէն: «Այս իմաստով մենք կը միանանք լիբանանցիներուն կոչին եւ կը մաղթենք, որ պայթումին թղթածրարին հետապնդումները աւարտին եւ այդ թղթածրարը փակուի` նախ եւ առաջ զոհերուն հանգստութեան համար, եւ ի վերջոյ բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին վերջ տալ աշխատանքի նախկին ձեւին», աւելցուց ան:

Շիա ընդգծեց յառաջիկայ տարուան ընթացքին կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ այդ ընտրութիւնները  ժողովուրդին կողմէ պատասխանատուները վերջնական հաշուետուութեան ենթարկելու միջոցն են:

«Կը մաղթեմ, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին պատասխանատու քայլեր առնուին Լիբանանը իր տագնապներէն դուրս բերելու եւ զայն դէպի բարգաւաճում առաջնորդելու: Լիբանանցիները իսկապէս արժանի են բարգաւաճումի, իսկ երկիրը իրապէս լաւ կարողութիւններ ունի», ընդգծեց Շիա:

Ան դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգները լիբանանեան թղթածրարին նկատմամբ յանձնառու մնացած են` դիտել տալով, որ ժամանակն է արդէն, որ լիբանանցի պատասխանատուները յանձնառութիւն ստանձնեն եւ բարգաւաճման քայլերու ձեռնարկեն:

Տէյվիտ Հէյլ. «Լիբանան Տնտեսական Հսկայական
Աղէտի Մը Դէմ Յանդիման Կը Գտնուի»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու նախկին գործակատար Տէյվիտ Հէյլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան տնտեսական հսկայական աղէտի մը դէմ յանդիման կը գտնուի` աւելցնելով, որ Լիբանանի փլուզումը մօտալուտ է:

Հէյլ նշեց, որ Լիբանանի ղեկավարները պէտք է բարեկարգումներ կատարելու իսկական կամք դրսեւորեն, նախքան երկրին տրամադրուելիք արտաքին օժանդակութիւնները:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանը փրկելու միջազգային ոչ մէկ ծրագիր պիտի գործադրուի, սակայն մեծ ճիգեր ի գործ պիտի դրուին` բարեկարգումի ծրագիրներու գործադրութեան ի խնդիր:

Հէյլ անդրադարձաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ ամերիկացի պատասխանատուներուն հետ անոր մնայուն հանդիպումներուն` նշելով, որ Սալամէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչն է եւ ան հիմնական անձնաւորութիւն է` շարունակելու  տնտեսական ընթացքը:

Սալամէն պաշտպանելու կամ ամբաստանելու վիճակին մէջ չեմ, սակայն զայն դատապարտելու եւ յանցագործ նկատելու տուեալներ չկան` ելեւմտական փտածութեան առումով: Իսկ այդ իմաստով բացուած հետաքննութիւնները տակաւին չեն աւարտած: Մենք Լիբանանի մէջ ահաբեկիչներէն բացի բոլորին հետ կը հանդիպինք», շեշտեց ան:

Հէյլ ընդգծեց, որ դրան բանալին լիբանանցի ղեկավարներուն մօտ կը գտնուի: «Անոնք պէտք է փաստեն մեզի, որ կամք ու կարողութիւն ունին անհրաժեշտ բարեկարգումները կատարելու, որպէսզի որեւէ միջազգային ֆինանսաւորում չկորսուի: Լիբանանցիները արտաքին փրկութեան ակնկալութիւն պէտք չէ ունենան», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Կարելի Չէ Հարիրիին Հրաժարական Պարտադրել»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.