Երէկ երեկոյեան պայթում մը ցնցեց իրաւաբան Սախըր Հաշեմի գրասենեակը, Ֆըրն Շըպպեքի մէջ:
Պայթումին դրդապատճառները մնացին անյայտ, իսկ վնասները միայն նիւթական էին:
Հաշեմ յայտնեց, որ պայթումը բաւական մեծ է` մաղթելով, որ անիկա պատգամ մը ուղղելու նպատակով չէ կատարուած, «այլ խօսքով` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան վերաբերող պատգամ մը», ըսաւ ան:
Հաշեմ շեշտեց, որ իրենք օրէնքի յարկին տակ կը գործեն` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերն ու քրէական փաստահաւաքները իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն եւ հետաքննութեան սկսած են:



