Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցուցարարներուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին. «Ես Ինքզինքս Պատասխանատու Կը Զգամ Ժողովուրդին Եւ Յաջորդ Սերունդներուն Առջեւ» Կ՛ըսէ Արայիկ Յարութիւնեան

June 23, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 22 յունիսին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան վերադառնալով Երեւանէն, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ խօսեցաւ իր հրաժարականը պահանջող ցուցարարներուն հետ: Ան արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ցուցարարներուն հիմնական հարցերուն:

«Յիմարութիւն պիտի ըլլայ կարծել, թէ հաճոյք կը ստանամ ներկայ իրավիճակէն: Կամ թէ ես որեւէ անձնական շահագրգռուածութիւն ունիմ շարունակելու պաշտօնավարումս, կամ կառչած եմ աթոռին: Ամենեւին ոչ: Ես պարզապէս ինքիզինքս պատասխանատու կը զգամ մեր ժողովուրդին եւ յաջորդ սերունդներուն առջեւ: Այնքան պատասխանատու, որ յանկարծ իմ յուզական ու անհեռատես փախուստովս չկործանեմ մեր պետականութիւնը», ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեան:

Ան հաստատեց, որ պատրաստ է բոլորին հետ երկխօսութեան: «Թող արտայայտեն իրենց կարծիքը, պատրաստ եմ լսելու ե՛ւ հրապարակայնօրէն, ե՛ւ առանձին, պատրաստ եմ լսելու անոնց, որոնք այստեղ տարբեր վանկարկումներ կը կատարեն, պատրաստ եմ պատասխանելու բոլոր հարցումներուն», շեշտեց Յարութիւնեան:

Արայիկ Յարութիւնեան խօսեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի յարաբերութիւններուն մասին: «Ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարեմ, որ եղած եմ ո՛չ միայն Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան գրասենեակին մէջ, այլեւ հանդիպումներ ունեցած եմ այլ քաղաքական ուժերու ղեկավարներ  Գագիկ Ծառուկեանի, Հրանդ Բագրատեանի, Արամ Սարգսեանի, Էտմոն Մարուքեանի, Սամուէլ Բաբայեանի եւ այլոց հետ», նշեց ան:

Նախագահը ներում հայցեց Արցախի ժողովուրդէն` իր կողմէ թոյլ տրուած սխալներուն ու բացթողումներուն համար:

Ելոյթի աւարտէն ետք, նախագահ Ա. Յարութիւնեանի առաջարկով, հանրահաւաքի մասնակիցները քայլերթով ուղղուեցան  դէպի եղբայրական գերեզմանոց` յարգանքի տուրք մատուցելու զոհուածներու յիշատակին:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայերուն Կոչ Կ՛ուղղէ. «Անկախ Քաղաքական Դիրքորոշումէն` Յարգելու Այս Ընտրութիւններուն Արդիւնքները Եւ Խուսափելու Քաղաքական Վրէժխնդրութենէն»

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքը Կ՛անդրադառնայ Երկրին Մէջ Սկսած Քաղաքական Բռնաճնշումներուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.