Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Մէջ Վերսկսած Է 13 Հայ Պատերազմական Գերիներու Գործով Դատը

June 22, 2021
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ վերսկսած է հայ պատերազմական գերիներու դէմ քրէական գործի նախապատրաստական նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` մանրամասնելով, որ Ազրպէյճան զանոնք կը մեղադրէ «ահաբեկչութեան համար»:

Դատական հոլովոյթը սկսած է Եղիշ Յովհաննէսի Ասթանեանի, Կարէն Արմէնի Արամեանի, Տիգրան Մանիկի Աւագեանի, Գրիգոր Գէորգի Գէորգեանի, Յովսէփ Ռոպերթի Մանուկեանի, Գէորգ Սամուէլի Մարտիրոսեանի, Ռոպերթ Յովիկի Գէորգեանի, Վաղարշակ Աշոտի Աւետիսեանի, Վոլոտիա Գագիկի Յակոբեանի, Անդրանիկ Սրապի Սուքիասեանի, Անդրանիկ Տիգրանի Մանուկեանի, Գրիգոր Սէյրանի Սաղաթէլեանի եւ Էդուարդ Արմէնի Գիրագուսեանի նկատմամբ:

Դատավարութեան ընթացքին դատաւոր Ֆայիկ Կանիեւի նախագահութեամբ կը պարզուին մեղադրեալներու անձնական տուեալները:

Կը նշուի, որ նախապէս աւարտած էր Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան գլխաւոր քննչական վարչութեան կողմէ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը: Անիկա յարուցուած էր հայ պատերազմական գերիներու դէմ, որոնք, Պաքուի պնդումով, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակոցի դադրեցման շուրջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք «ներթափանցած են Ազրպէյճանի տարածք եւ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարած»:

Նախորդը

«Պատժամիջոցներու Ջնջման Հարցը Կառավարութեանս Արտաքին Քաղաքականութեան Առանցքը Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Յաջորդը

«Հայաստանին Առաջարկած Ենք Յարաբերութիւնները Կարգաւորել» Կ՛ըսէ Պայրամով

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.