Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերնագիրը Վերջում

June 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՆԱՀԻՆ ՏԱՒՐՈՍ

Արցախ մեր վերջին այցելութիւնը մայիս 2017-ին էր, Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին:

Արցախ գացինք Վարդենիս-Քարվաճառ ճամբով: Զուարի տաք ջուրերը մտանք, Դադիվանք այցելեցինք, Գանձասար, յաջորդող օրերուն նաեւ` Տիգրանակերտ, Հադրութ, Տող, Հունոտի կիրճ, Ջըդըրդուզ, Ղազանչեցոց եկեղեցի եւ Բերձոր: Մայիս 9-ի գիշերը մեծ տօնակատարութիւն կար Ստեփանակերտի մէջ: Հայութիւնը եռատօնը կը նշէր: «Արցախի Ձայներ» երգչախումբը կ՛երգէր.

«Ղարաբաղի ծով գինին
Ձեր կենացը թող լինի,
Բացուեց կեանքը մեր ազատ
Հայրենիքում հարազատ:
Բարձրացնենք բաժակները հերոսների կենացը,
Երկար լինի մեր այս կեանքը, անուշ մնայ մեր հացը,
Վիշտ չտեսնի ոչ մի մարդ մեր մայրերի աչերում
Այսպէս խաղաղ ուրախ կեանքը միշտ էլ լինի աշխարհում»:

«Ղարաբաղի գինի», «ազատ», «հերոսներ», «խաղաղ», «ուրախ», «կեա՜նք» …
Եւ պատերազմ…
Մահ… կորուստ… նոր հերոսներ… սուգ… վիշտ… կորած հայրենիք…

Մայիս 2021-ին վերադարձանք Արցախ: Այս անգամ Գորիս-Բերձոր ճամբով: Կար ինը անցակէտ, որոնցմէ միայն երկուքը հայկական էին: Այս անգամ ռուսը պիտի ստուգէր մեր անձագիրները եւ արտօնութիւն տար մտնելու մեր հայրենիքը: Բնականաբար ո՛չ Զուարի ջերմաջուր, ո՛չ Դադիվանք, ո՛չ Հադրութ, ո՛չ Տող, ո՛չ Տիգրանակերտ, ո՛չ ալ… Շուշի: Շուշիի կողքով անցանք միայն: Հոն մեծ կարմիր տառերով գրուած էր Շուշա:

Եւ վերջապէս` Ստեփանակերտ:

Առաջին հայեացքով, կարծես Ստեփանակերտի մէջ պատերազմ եղած չըլլայ: Մարդիկ պատերազմի միջով անցած չըլլան: Մաքուր,  լուսաւոր փողոցներ, եռուզեռ, մարդաշատ շուկայ, մարզիկներով լեցուն մարզադաշտ, հրապարակը զբօսնող զինուորներ, վազվզող երեխաներ, բաց թանգարաններ, խանութներ, ճաշարաններ: Առաջին հայեացքով կեա՛նք կար Ստեփանակերտ:

Բայց Ստեփանակերտի մէջ կային Լենաներ, Արմինէներ, Հայկեր, Յովհաննէսներ. հրա՛շք մարդիկ:

Լենային հանդիպեցանք Ստեփանակերտի հրապարակը: Կիրակի էր: Աշխատանքի չէր եւ պատերազմէն վնասուած իրենց տան վերանորոգման աշխատանքները կը հետապնդէր:

Լենան այս պատերազմին կորսնցուցած է հարազատ եղբայրը` 20-ամեայ Անդրանիկը, քեռին, հօրեղբայրը եւ հօրեղբօրորդին: Ու կը մտածեմ, ինչպէ՛ս կարելի է այսքան կորուստէ ետք չչարանալ, կեանքէն վշտացած չըլլալ. ինչպէս կարելի է ապրիլ այս ցաւով: Ան պատմեց, որ Արցախի «Վահրամ Փափազեան» անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ կ՛աշխատի, առտուներն ալ արցախցիներուն համար եոկայի անվճար դասընթացքներու կը հետեւի: Պահ մը լռեց, հեռաձայնը բացաւ եւ Անդրանիկին նկարը ցոյց տուաւ: Ըսաւ, որ եղբայրը նահատակուելէն ժամեր առաջ խօսած է հետը: Ըսաւ` ուրախ է, որ գոնէ իր եղբօր մարմինը հասած է իրենց: Ուրիշ ընտանիքներ իրենց տղոց մարմիներէն մասունք մը իսկ  չստացան:

Տիկին Արմինէն Ստեփանակերտի շուկայի ամէնէն համով ժինգեալով հաց պատրաստողն է: Կէս ժպիտով  մը բարեւեց մեզի: Ժինգեալով հաց պատուիրեցինք, որպէսզի առիթ ունենանք հետը զրուցելու:

   Արմինէ                                                                          Յովհաննէս

Տիկին Արմինէին տղան Սուրէնը նահատակուած է այս պատերազմին: Փետրուարին ծնած է Սուրէնին առջինեկը` Սէրինէն, կիսատ ուրախութիւն մը բերելով Արմինէին: Հացը թխած ժամանակ Արմինէին ժպիտը կորաւ, աչքերը լեցուեցան. ըսաւ, որ շաբաթը եօթը օր, գիշեր-ցերեկ հաց կը թխէ, որպէսզի խնայած գումարով կարենայ այցելել Սուրէնին գերեզմանը` Եռաբլուր:

Հա՜յկը. երիտասարդ, գեղեցիկ տղամարդ մը: «Բաժակ» սրճարանի տէրը: Այս պատերազմին Հայկը ոչ միայն կորսնցուցած է տարիներու իր երազած ճաշարանը` «Պարիսպ Կասդրօ-Բակը»` Շուշիի պարիսպներուն կողքին, այլ նաեւ… իր ոտքը: Վերջին պատերազմի մասնակից է: Կամաւորագրուած է, պատերազմին յաջորդ օրն իսկ բարձրացած է դիրքերը, մարտական գործողութեան ատեն ականի պայթումի պատճառով վիրաւորուած եւ կորսնցուցած է ոտքը, վիրահատուած, փրոթեզով վերադարձած է Ստեփանակերտ եւ բացած «Բաժակ»-ը: «Մարդ իր տան մէջ երբեւիցէ չպիտի վախենայ: Արցախը նորից ոտքի կը կանգնի»:

Իսկ Յովհաննէ՜սը… 12 տարեկան սուրիահայ հրաշք մանչուկ մը: Այս պատերազմին իրենց ընտանեկան ճաշարանը` «Սամրա»-ն իր դռները լայն բացած էր եւ սնունդ կը մատակարէր կարիքաւորներուն: Յովհաննէսին հայրը ճաշարանը չէր, ինք առաւ մեր պատուէրը:

Յովհաննէսը իր տարիքէն առաջ հասունցած տղայ էր: Մեզի հարցուփորձ ըրաւ: Կ՛ուզէր գիտնալ քանի՞ լեզու կը խօսինք, ի՞նչ կ՛աշխատինք: Ըսաւ` երկու տարեկան էր, երբ պատերազմը սկսած էր Սուրիա: Մանկապարտէզ գացած պահուն ռումբը պայթած էր իրենց շատ մօտ: Ընտանեօք գաղթած էին Հալէպէն ու հաստատուած Ստեփանակերտ:

Ան շատ ուշադիր էր մարդոց վիշտին: Շատ կը նեղանար գիշերները բարձր երաժշտութիւն միացուցած, իրենց ինքնաշարժներով շրջող երիտասարդներէն: Կ՛ըսէր` պէտք է յարգել մարդոց ցաւը:

Ստեփանակերտէն դուրս ելլելու համար հարցուփորձ ըրինք տեղացիներուն: Տեղացիները հեռաձայնեցին գիւղերու մէջ բնակող իրենց ծանօթներուն: Պէտք էր ճշդել` ապահո՞վ էին ճամբաները, եղա՞ծ էին միջադէպեր, այս պահուն մեր ձե՞ռքն էին այդ տարածքները:

Արցախի հիւսիսը այցելելու կանաչ լոյսը ստացանք:

Անբացատրելի գեղեցիկ էր բնութիւնը: Կանաչապատ լեռներ, հարազատ գիւղեր:

Երբ հասանք Գանձասար, Ս. պատարագի ժամ չէր, բայց վանքը հաւատացեալներով լեցուն էր: Եկեղեցին` մայրեր կ՛աղօթէին: Իրենց աղօթքներուն մէջ կը լսուէին անուններ, նահատակ տղոց անուններ, գերեվարուած տղոց անուններ թերեւս:

Յակոբավանք

Քոլատակի Յակոբավանքը մարդ չկար: Վայրի բնութեան մէջ պահուըտած հրաշք վանք էր: Արցախն էր` խտացուած մէկ վայրի մէջ: Վանք գիւղի հացթուխ Սիւզանէն առած մեր լաւաշները վայելելէ ետք, մութը չկոխած այցելեցինք Բադարա եւ Աստղաշէն` հաւաքելու նշանաւոր աստղանման բրածոները ու վերադարձանք Ստեփանակերտ:

Ահա՛ Արցախը այսօր:

Հոս կեանքն ու մահը կողք կողքի կ՛ապրին: Լաւն ու վատը, գեղեցիկն ու տգեղը, բարին ու չարը, խաղաղապահներն ու անապահովութիւնը, ապագայի ծրագիրներն ու անորոշութիւնը, վախն ու ապրելու կամքը կողք կողքի կ՛ապրին:

Արցախ, մայիս 2021

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ուրկէ՞ Կու Գանք, Ո՞ւր Կ՛երթանք – Բ.

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.