Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Որոշ Իրողութիւններու Պատճառով Ազրպէյճանի Մէջ Կը Մեծնայ Ալիեւին Նկատմամբ Դժգոհութիւնը

June 12, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 յունիսին, թշնամիին յանձնուած Քարվաճառի մէջ ականի պայթումէն երեք ազրպէյճանցիի, ներառեալ երկու լրագրողի մահը Ազրպէյճանի մէջ ներքաղաքական տարակարծութիւններու պատճառ դարձած է: Ազրպէյճանի ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութեան ղեկավար Արիֆ Հաճըլըն իր դիմատետրեան գրառման մէջ մեղադրանքներ առաջադրած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին:

Ան իր ընդգծուած դժգոհութիւնը յայտնած է այն փաստէն, որ եօթը ամիս շարունակ Ազրպէյճանի քաղաքացիներու չեն արտօներ այցելել Արցախի` ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներ: Ըստ անոր, ականներու գոյութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ արգելքի պատճառ, մինչդեռ պատերազմէն նոյնիսկ 7 ամիս ետք ականներու պայթումներէն մահուան դէպքերը չեն նուազիր:

«Մեր գլխուն եկած բոլոր խնդիրներուն, ներառեալ մեր երկու լրագրողի եւ այլ քաղաքացիներու մահուան պատասխանատուութիւնը նոյնպէս անձամբ Իլհամ Ալիեւի վրայ է», գրած է Հաճըլը` շեշտելով, որ բոլորը պէտք է պատասխանատու ըլլան իրենց արարքներուն համար եւ պատժուին յանցագործութիւններուն համար, սակայն Ազրպէյճանի ղեկավարը ո՛չ միայն իւրացուցած է իշխանութեան բոլոր լիազօրութիւնները, այլ նաեւ Ղարաբաղի 10.000 քառակուսի քիլոմեթրը կը նկատէ իր անձնական սեփականութիւնը` շեշտելով, որ միայն ինք գիտէ ինչ ընել, երբ եւ ինչպէս:

Հաճըլըի քննադատական գրառումը դժգոհութիւն յառաջացուցած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխաններուն մօտ: Անկախ երեսփոխան Սահիպ Ալիեւ սուր քննադատութեան ենթարկած է Հաճըլըն, որովհետեւ  ան լրագրողներու մահուան համար չի մեղադրեր Հայաստանի ղեկավարութիւնը: «Մինչեւ  վերջերս ոչ ոք այնքան ցած չէր իջներ, որքան Ալի Քերիմլին եւ Ճեմիլ Հասանլըն: Արիֆ Հաճըլըն ցոյց տուաւ, որ քաղաքականութեան մէջ աւելի խոր փոսեր կան», ըսած է Սահիպ Ալիեւը` շեշտելով, որ Արիֆ Հաճըլըն ներդաշնակօրէն կ՛աշխատի թշնամիին հետ:

Նախորդը

Ռոպերթ Քոչարեան. «Մեր Նպատակն Է Վերականգնել Երկրի Անվտանգութիւնը, Սահմաններու Պաշտպանութիւնը»

Յաջորդը

Ազրպէյճան Եւ Փաքիստան Քննարկած Են Օդուժի Ոլորտին Մէջ Համագործակցութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.