Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Կառավարութիւն Չկազմելու Եւ Նախագահ Աունի Ու Հարիրիի Միջեւ Համաձայնութիւն Չգոյացնելու Արդարացում Չկայ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

June 3, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ ինք Պաապտա այցելած է` նախքան Հռոմ իր կատարելիք այցելութիւնը:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ ինք Հռոմ կ՛երթայ` ընդառաջելու համար Լիբանանի համար խոկալու եւ Լիբանանի փրկութեան համար աղօթելու Ֆրանչիսկոս պապին հրաւէրին: «Պապը յանձնառու կը մնայ, որ Լիբանան տէր կանգնի իր գոյացութեան եւ ինքնուրոյն ինքնութեան», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը բարդ է, իսկ տագնապը` ծանր` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամատան համաձայն, Լիբանան 6-րդ ամէնէն դժբախտ երկիրն է:

«Այս իրականութիւնը կ՛ենթադրէ, որ կառավարութիւն ունենանք: Կառավարութիւն չկազմելու եւ նախագահ Աունի ու նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ համաձայնութիւն չգոյացնելու արդարացում չկայ: Կառավարութիւնը ամէն բանէ վեր է, իսկ Լիբանան երկխօսութեան երկիր է, հետեւաբար պէտք է երկխօսութիւն կատարել, որովհետեւ վարկաբեկումը մերժելի է. անիկա լիբանանեան մշակոյթին մաս չի կազմեր: Ես վիրաւորուած կը զգամ եւ կը դատապարտեմ վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

Ան նշեց, որ եթէ 1958-ի յեղափոխութեան յաջորդող ժամանակաշրջանը նկատի ունենանք, ապա հանրապետութեան նախագահ Ֆուատ Շեհապ 4 նախարարով պետութիւն եւ պետական հաստատութիւններ կերտեց: «Կարելի չէ նախարարներու թիւին շուրջ անհամաձայն գտնուիլ, եւ ինչո՞ւ բեւեռներու կառավարութիւն մը կարելի չէ կազմել», հարց տուաւ ան:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է կազմել փրկութեան կառավարութիւն մը, որ լիբանանցիները փրկէ:

«Պետութիւնը անհատներով չի ներկայացուիր», ըսաւ ան եւ հարց տուաւ քաղաքական գործիչներուն անոնց դերակատարութեան ու հասարակութեան շահերուն ի խնդիր անոնց կատարած քաղաքական աշխատանքին մասին:

«Երկիրը փրկութեան կարիք ունի եւ ոչ թէ «կրակոց»-ի, իսկ տեղեկատուական մարզը պէտք է օժանդակէ այս իմաստով եւ ժողովուրդին մէջ խաղաղութիւն տարածէ», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

Ան նշեց, որ ինք կը մերժէ քրիստոնեայ երկու  նախարարները անուանել` նշելով, որ իր կեցուածքը այն է, որ պէտք է կազմուի անկուսակցական նախարարներէ բաղկացած փրկութեան կառավարութիւն մը:

Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ նախարարներու անուանումն ու անոնց պաշտօններուն ճշդումը իր իրաւասութիւնը չէ, սակայն ինք ճիգ չի խնայեր նախագահ Աունի եւ Հարիրիի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու իմաստով:

Ան ընդգծեց, որ հակառակ ամէն ինչի, նախագահ Աուն կը փափաքի անմիջապէս կառավարութիւն կազմել, եւ կոչ ուղղեց մթնոլորտը չլարելու եւ զայն յարգալիր պահելու` հեռու վարկաբեկումներէն եւ արժանապատուութիւնները խոցող յերիւրանքներէն:

«Ես նախագահ Աունի հետ բեւեռներու կառավարութիւն կազմելու հաւանականութիւնը չքննարկեցի: Երեւակայեցէ՛ք, որ երկիրը կը փլուզուի եւ ժողովուրդը իր վերջին շունչը կը փչէ, իսկ մենք կը խօսինք երկու քրիստոնեայ նախարարներու մասին: Բեւեռներու կառավարութիւնը միտք մըն էր, որ նախապէս արծարծած եմ եւ կը փափաքիմ, որ նման կառավարութիւն մը կազմուի, որպէսզի երկիրը իր ներկայ իրավիճակէն դուրս բերենք: Մենք ամէն ջանք ի գործ կը դնենք շիկացած մթնոլորտը հանդարտեցնելու, պատասխանատուները իրարու հետ համախմբելու: Մենք այս բոլորը կը կատարենք, եւ պէտք է անոնք մեզի օժանդակեն, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած մթնոլորտը», եզրափակեց Ռայի պատրիարքը:

Նախորդը

«Լիբանանը Ամբողջական Փլուզման Վտանգին Ենթակայ Է, Եթէ Զայն Անմիջապէս Չփրկէք, Ապա Զղջումը Անիմաստ Պիտի Դառնայ» Շեշտեց Տիապ

Յաջորդը

Վերջին Ժամ. Լիբանանեան Զանազան Շրջաններու Մէջ Ցոյցեր` Երեկոյեան Ուշ Ժամերէն Ետք

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.