Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում Արագածոտնի Մարզի Բնակիչներուն Եւ Ընտրական Գրասենեակներու Աշխատակիցներուն Հետ

June 2, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքը գլխաւորող Ռոպերթ Քոչարեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը երէկ` 1 յունիսին, Աշտարակի մէջ հանդիպում ունեցած են Արագածոտնի մարզի բնակիչներուն եւ ընտրական գրասենեակներու աշխատակիցներուն հետ:

Ռոպերթ Քոչարեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն ընտրական գրասենեակներու աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուելու համար` նշելով տեղւոյն վրայ դաշտային աշխատանքի կարեւորութիւնը:

«Պէտք է հաւատաք, որ ճիշդ ճամբուն վրայ էք եւ ճիշդ աշխատանք կը կատարէք: Առանց հաւատքի ոչ մէկ գործ յաջողութիւն կ՛ունենայ: «Հայաստան» դաշինքը մտած է այս պայքարին մէջ մէկ նպատակով` ունենալ ուժեղ Հայաստան: Բոլորին մօտ նոյն զգացողութիւնն է. երկիրը անտէր մնացած է: Նման պայմաններու մէջ ոչ ոքի աշխատանքը կրնայ իր բնականոն հունով ընթանալ: 20 յունիսէն ետք պէտք է վերականգնուի այն զգացողութիւնը, որ Հայաստանը անտէր չէ», ըսած է նախագահ Քոչարեան:

Իշխան Սաղաթէլեան իր կարգին յիշեցուց, որ երեք տարի առաջ խումբ մը մարդիկ սուտի ու ձեռնածութեան միջոցով եկան իշխանութեան, քանդեցին ամէն ինչ` եկեղեցիէն մինչեւ բանակ:

«Պատերազմին խայտառակ պարտութիւն կրելէ ետք այս չարիքի իշխանութիւնը պէտք է հեռանար, բայց անոնք վեց ամիս ժամանակ խնդրեցին` իրավիճակը շտկելու համար: Ոչինչ կատարուեցաւ, իրավիճակը աւելի վատացաւ: Այս չարիքի իշխանութիւնը պէտք է հեռանայ: Մենք ունինք այն ուժն ու կամքը, ծրագիրն ու անոր իրագործման ներուժը, որ բնականոն զարգացման պիտի վերադարձնէ մեր երկիրը», եզրափակած է Սաղաթէլեան:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Որեւէ Նոր Պատճառաբանութիւն Պիտի Ջրենք»

Յաջորդը

Ժողովրդային Խոր Ընդվզում` Դիահերձարանին Մէջ Յայտնուած Հայ Նահատակ Զինուորներու Աճիւններու Լուսանկարներէն

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.