Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՛չ Թէ Թարգմանել, Այլ Հայերէնով Ստեղծել Արհեստագիտական Նոր Եզրերը», «Ազդակ»-ի Առցանց Լսարանին Հաստատեց Բեկոր Փափազեան

May 27, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 30-րդ առցանց լսարանին, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 21 մայիսին, դասախօսեց ԹՈՒՄՕ ստեղծագործական արհեստագիտութիւններու կեդրոնի համահիմնադիր Բեկոր Փափազեան: Նիւթ` «Հայերէնով ինչպէ՞ս կարելի է քայլ պահել արհեստագիտական նոր եզրաբանութեան եւ ընկերային ցանցերուն հետ»:  Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։

Բեկոր Փափազեան նախ հաստատեց, որ 80-ական թուականներուն երիտասարդութիւնը հետաքրքրուած էր ստեղծելու տեղեկագիտութեան առնչուած հայերէն նոր բառեր:

Ըստ անոր, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ այսօր կը նկատուի որոշ տարբերութիւն այս մարզին մէջ օգտագործուող բառապաշարներուն միջեւ: Ի՛նքը ոլորտը` շատ արագ աճող ոլորտ է, հետեւաբար քայլ պահելու խնդիր կայ:

Դասախօսը նկատել տուաւ, որ գրեթէ անկարելի է ընկերային ցանցերու համապատասխան բառապաշարը հայերէնի թարգմանել: Ներկայացնելէ ետք համապատասխան բառեզրերու օրինակներ, ան կեդրոնացաւ «Աղուոր բառեր» եւ «Ծուռեր» Դիմատետրի էջերուն վրայ եւ ցուցադրեց ԹՈՒՄՕ-ի աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած ստեղծագործական տեսանիւթ մը:

Բեկոր Փափազեան իբրեւ եզրակացութիւն շեշտեց, որ, իր տեսակէտով, անկարելի է եւ անգործնական յատկապէս ընկերային ցանցերու վրայ օգտագործուող բառապաշարը թարգմանել: Ան հաստատեց, որ կարելի է եւ անհրաժեշտ` ստեղծել հայկականը, հարազատը, օգտագործելին: Անհրաժեշտ է ոչ թէ անպայման համապատասխանը, այլ զուգահեռը ստեղծել:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, առաջարկներու եւ տեսակէտներու ներկայացման ճամբով, հետաքրքրական քննարկում:

Նախորդը

Նշմար. Ե՞րբ Պիտի Արթննանք Ու Շարժինք…

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Աւստրալիահայ Գրականագէտ-Գիտաշխատող Արա Քեթիպեանի Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.