Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այվազեան. «Ազրպէյճանը Կը Շարունակէ Խախտել Միջազգային Մարդասիրական Իրաւունքն Ու Մարդու Իրաւունքները»

May 22, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան Եւրոպական խորհրդարանի Նախարարներու կոմիտէի 131-րդ նստաշրջանի իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձած է Ազրպէյճանի քայլերուն նկատմամբ միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի անհրաժեշտութեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Այվազեան իր ելոյթին ընթացքին ըսած է. «Անցեալ տարի Ազրպէյճանը  արիւնալի պատերազմ սանձազերծեց Արցախի ժողովուրդին դէմ: Պատերազմը ուղեկցուած է մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի զանգուածային խախտումներով: Այդ խախտումները պատշաճ ձեւով փաստագրուած են ո՛չ միայն հայկական, այլեւ` միջազգային  աղբիւրներու մէջ: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը միջանկեալ միջոցներ կիրարկած է Ազրպէյճանի նկատմամբ հարիւրաւոր գերեվարուած անձերու առնչութեամբ, որոնց գերութեան փաստը այդ երկիրը ընդունած է` պահանջելով անոնց մասին տեղեկատուութիւն, ինչ որ, սակայն, չէ կատարուած», ըսած է Այվազեան` աւելցնելով, որ Հայաստանը կարեւոր դեր կը վերապահէ Եւրոպական  խորհուրդին` Արցախի մէջ պատերազմի կործանարար մարդկային հետեւանքներու հասցէագրման գործին մէջ, ներառեալ` տեղահանութեան, մշակութային եւ կրօնական կոթողներու աւերման, հարիւրաւոր ռազմագերիներու ու խաղաղ բնակիչներու շարունակուող պատանդառութեան հարցերը:

Այվազեան ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդու իրաւունքներու զանգուածային եւ կոպիտ խախտումներու կարծր պատասխանի բացակայութիւնը Ազրպէյճանին խրախուսեց նոյն քաղաքականութիւնը վարել Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ` փորձ կատարելով գրաւել սահմանամերձ տարածքներ եւ տեղւոյն բնակչութիւնը զրկել իր ապրուստի միջոցներէն:

Միւս կողմէ,  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու` Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներթափանցման: Ան ըսաւ, որ ուժի կիրարկումով կամ անոր սպառնալիքին օգտագործումով պայմաններու առաջադրումը միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է: Հայաստանը պիտի չենթարկուի նմանօրինակ ճնշումներուն: «Հայաստանը կը մերժէ նաեւ այսպէս կոչուած «վիճելի տարածքներ» կեղծ օրակարգի ներմուծումը, ինչ որ  վտանգաւոր նախադէպ կրնայ հանդիսանալ ուժի կիրարկման արդարացման համար նաեւ այլ շրջաններու մէջ:

«Չկատարելով 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեամբ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս` հայ ռազմագերիներու եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիական անձերու  հայրենադարձման եւ այլ մարդկային հարցերու առնչութեամբ` Ազրպէյճանը կրկին փաստած է միջազգային յանձնառութիւններու միտումնաւոր դրժման իր վարքագիծը», ըսաւ Նաղդալեան` աւելցնելով, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանագծման եւ հետագային սահմանազատման գործընթացները պէտք է մաս կազմեն տագնապի համապարփակ խաղաղ լուծման գործընթացի: Ըստ անոր, այս ծիրին մէջ առաջնային ձեւով պէտք է հասցէագրուին Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու բռնագրաւման եւ Արցախի վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշման հարցերը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ:

Նախորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Եւ Քանատայի Յունական Ու Կիպրական Կազմակերպութիւնները Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանական Բռնարարքները

Յաջորդը

Պլինքըն Յառաջիկայ Շաբաթներուն Փութին-Պայտըն Հանդիպում Մը Կը Նկատէ Հաւանական

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.