Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի ճակատումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, Չելսի եւ Լայսթըր Սիթի յաջողեցան ապահովել աւարտականի իրենց տոմսերը:
Չելսի իր յաղթանակը արձանագրեց Մանչեսթըր Սիթիի դէմ` 1-0 արդիւնքով: Նոյն արդիւնքով, Լայսթըր Սիթի յաղթեց Սաութհեմփթընին:
Ուշագրաւ էր, որ յաղթական երկու կազմերն ալ իրենց կոլերը նշանակեցին… 55-րդ վայրկեանին:



