Երէկ` 14 ապրիլին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի մահուան 29-րդ տարելիցին առիթով Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր այցելած եւ անոր շիրիմին ծաղիկներ զետեղած ու յարգանքի տուրք մատուցած են Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Վիթալի Բալասանեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՅԴ-ի գաղափարակից ընկերները, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, ՀՕՄ-ուհիներ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ, Արթուր Մկրտչեանի ընտանիքը եւ հարազատները:
«Ապառաժ»-ը ներկաներուն հետ զրուցած է Արցախի պետականութեան կերտման գործին մէջ Արթուր Մկրտչեանի դերին մասին:
Խօսելով Արթուր Մկրտչեանի մասին` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեան զայն դասեց մեծերու շարքին:
Մետաքսէ Յակոբեան Արթուր Մկրտչեանը նկատեց Արցախի պետականութեան հիմնադիր: «Ան ամբողջ հայ ազգին տուած է ազատ ու անկախ Արցախի գաղափարախօսութիւնը», ընդգծեց ան:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան, բնութագրելով Արթուր Մկրտչեանը, նշեց, որ անոր յատուկ է ազնուութիւնը, մարդասիրութիւնը, հակառակ երիտասարդ տարիքին քաղաքական գործընթացներու համաքայլ շարժելու ունակութեան, որ ան կ՛օգտագործէր ի շահ Արցախի Հանրապետութեան: «Արթուր Մկրտչեանին ո՛չ միայն բախտ վիճակուած էր դառնալ նոր ձեւաւորուող Արցախի Հանրապետութեան առաջին ղեկավարը, այլեւ միաժամանակ ուրոյն կերպար դառնալ իբրեւ քաղաքական գործիչ», ըսաւ Վահրամ Բալայեան:
Վահրամ Բալայեանի կարծիքով, այս 30 տարիներուն ընթացքին երբեմն շեղած ենք այն ճամբէն, որ ուղեգծուած էր հանրապետութեան առաջին ղեկավարին կողմէ:
«Շեղեցանք, որովհետեւ օրուան իշխանութիւններուն համար աւելի շահեկան էր իշխանութեան պահպանումը: Այս ճամբով ընթանալով մեր հանրութիւնը վերածեցին «ձայն տուող» զանգուածի: Հանրային շրջանակին մէջ աւելի շատ զարգացաւ նիւթապաշտութիւնը, պատեհապաշտութիւնը, իսկ պետութեան հանդէպ պատասխանատուութիւնը, ցաւօք սրտի սկսաւ քայլ առ քայլ մարիլ` մեզ վերադարձնելով մինչ 88-ական թուականներ: Այս հանգամանքները թոյլ չտուին մեզի իբրեւ պետութիւն կայանալ, եւ դիմակայել այն մարտահրաւէրները, որոնք կը սպասուէին յառաջիկային, եւ ըստ էութեան կորսնցուցինք մեր երկիրն ու մեր հազարաւոր երիտասարդները», ըսաւ Վահրամ Բալայեան:
Կարեւոր նկատելով իշխանութեան եւ ժողովուրդին միջեւ ձեւաւորուող յարաբերութիւնները` ան նշեց, որ այն ժամանակ ժողովուրդը Արթուր Մկրտչեանի հանդէպ վստահութիւն ու հաւատք ունէր, ինչ որ ամէնէն կարեւորն էր երկիրը պահելու գործին մէջ, ապա աւելցուց, որ Արթուր Մկրտչեանէն ետք իշխանութիւն-ժողովուրդ անջրպետը տարիներու ընթացքին խորացաւ, խաթարեց մեր միասնականութիւնը եւ երկիրը հասցուց կործանման:



