Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ջանքերով` Քանատան Կասեցուցած Է Թրքական Ընկերութիւններուն Տրամադրուած Զինուորական Արտադրանքի Եւ Արհեստագիտութեան Արտահանման Արտօնագիրները

April 14, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12 ապրիլին Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնոն յայտարարութիւն տարածած է, ըստ որուն, ղարաբաղեան վերջին պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ քանատական արհեստագիտութեան օգտագործման հետաքննութեան աւարտէն ետք, քանատական կառավարութիւնը կը դադրեցնէ քանատական զինուորական արտադրանքի եւ արհեստագիտութեան արտահանումը Թուրքիա:

Քանատայի արտաքին գործոց նախարարը փաստուած նկատած է Թուրքիոյ կողմէ քանատական արհեստագիտութեան կիրարկումը ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին եւ կասեցուցած Թուրքիոյ ռազմական նշանակութեան արտադրանքի արտահանման գործող արտօնագիրները: Խօսքը յատկապէս «Պայրաքտար» անօդաչուներու տեղորոշման եւ տեսանկարահանման քանատական «Ուեսքամ» համակարգերուն մասին է, որոնք առանցքային նշանակութիւն ունին անօդաչու սարքին համար:

Թուրքիոյ ռազմական նշանակութեան արտադրանքի վաճառքին հետ կապուած հարցերը մշտապէս եղած են ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւններու շարքին: Խնդիրը քանատական հասարակական-քաղաքական շրջանակներուն մէջ սկսաւ քննարկուիլ տակաւին 2019-ի աշնան, երբ քանատական կողմը, Հիւսիսային Սուրիա թրքական ուժերուն ներխուժումով պայմանաւորուած, կեցուց յատուկ նշանակութեան ռազմական արտադրանքի վաճառքը Թուրքիոյ: Սակայն, Թուրքիան, վարձելով քանատական լոպիիստական կազմակերպութիւններ, 2020-ի առաջին կիսուն մոլորութեան մէջ ձգեց քանատական կառավարութիւնը` վստահեցնելով, թէ «Պայրաքտար» անօդաչուներու համար անհրաժեշտ քանատական համակարգերը պիտի չկիրարկուին հարուածային անօդաչուներու պատրաստութեան ժամանակ, այլ բացառապէս պիտի օգտագործուին Սուրիոյ մէջ թրքահպատակ բնակչութեան պաշտպանութեան համար:

Քանատայի կառավարութեան կողմէ նման որոշումի ընդունումը ռազմաքաղաքական ապտակ է թրքական պետութեան: Աշխարհին մէջ մեծ չէ այն պետութիւններուն թիւը, որոնք Թուրքիոյ նկատմամբ ռազմական արտադրանքի վաճառքի արգելք/կասեցում ունին, բացի ատկէ` Քանատան ՕԹԱՆ-ի առանցքային անդամներէն է եւ Թուրքիոյ համար ռազմական նշանակութեան արտադրանքի ձեռք բերման առաջնային շուկաներէն մէկը: Յատկանշական է, որ Թուրքիոյ կողմէ ձեռքբերուած քանատական ռազմական արտադրանքի ճնշող մեծամասնութիւնը կը ներառէ «Ուեսքամ»-ի արտադրանքը: Այսպիսով, այս կասեցումէն ետք, ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ, գրեթէ ի սպառ կը խզուին թուրք-քանատական առեւտրական յարաբերութիւնները: Բացի ատկէ, քանատական հասարակական-քաղաքական շրջանակներուն մէջ խիստ դժգոհութեան առիթ տուած է այն հանգամանքը, որ, ըստ էութեան, Թուրքիան խաբէութեամբ ձեռք բերած է քանատական յառաջատար արհեստագիտութիւն:

Խիստ տարակուսելի է, որ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հետաքննութեան մէջ գրուած է. «Քանատան դիմած է Հայաստանին` տրամադրելու որեւէ  տեղեկատուութիւն, որ կրնայ օժանդակել «Պայրաքտար» անօդաչուներուն մէջ քանատական արհեստագիտութեան կիրարկման փաստին, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնները նման տեղեկատուութիւն չեն տրամադրած», փաստօրէն հետաքննութեան ընթացքին չօժանդակելով քանատական իշխանութիւններուն:

ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ ջանքերը` հասնելու Թուրքիոյ նկատմամբ Քանատայի կողմէ ռազմական նշանակութեան որեւէ արտադրանքի վաճառքի արգելքին:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

13 ապրիլ 2021

 

Նախորդը

Առցանց Համաժողով. Կոչ Ուղղուած Է Յստակ Քայլերու Ձեռնարկելու` Հայ Ռազմագերիները Ազատելու Համար

Յաջորդը

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յայտարարած Է Թուրքիա Զէնք Արտածելու Արտօնութիւնը Չեղեալ Յայտարարելու Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.