Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ռազմագերիներ, Դատարկ Օդանաւ Եւ Վարկանիշներ

April 13, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դաշնութեան դեսպանին յայտարարութիւնը հայ ռազմագերիներու մասին դիտարժան է քանի մը հանգամանքներ նկատի ունենալով: Անիկա կը պարփակէ քանի մը ուղղութիւն:

Ուրեմն, ըստ դեսպանին, «գերիներու վերադարձի հարցը ռուսական կողմին համար առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Այդ ուղղութեամբ յամառ ու հետեւողական աշխատանք կ՛ընթանայ: Մէկ անգամ չէ, որ գերիներ վերադարձուած են: Վստահ եմ, որ այդ ուղղութեամբ կը շարունակուի աշխատանքը»:

Ինչ կը վերաբերի ազրպէյճանական կողմի յայտարարութեան, թէ իբր «բոլոր գերիները վերադարձուած են», դեսպանը արձագանգած է. «Որքան տեղեակ եմ` աշխատանքը այդ ուղղութեամբ կը շարունակուի, եւ ռուսական կողմին համար անիկա առաջնահերթութիւններու շարքին է»:

Նախ անմիջապէս նկատենք, որ Մոսկուան կը ջրէ Պաքուի պաշտօնական յայտարարութիւնը, ըստ որուն` բոլոր գերիները վերադարձուած են: Փաստօրէն, երբ կ՛ըսուի, որ ռազմագերիներու տունդարձի աշխատանքը իբրեւ առաջնահերթութիւն կը շարունակուի, պարզ է, որ Պաքուի յայտարարութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան: Մոսկուան բնականաբար ամէնէն տեղեկացուածն է գերիներու թիւին, տակաւին Պաքու գտնուողներուն եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին: Հետեւաբար «որքան գիտեմ»-ը այստեղ անորոշ տեղ չի ձգեր Պաքու պահուող հայ գերիներու առկայութեան մասին: Նկատելի է, որ ռուս դիւանագէտը ուղղակի չ՛ուզեր հակասութիւն ընդգծել Պաքուի հետ, այնուամենայնիւ պարզ կը դարձնէ իրողութիւնը:

Հիմա փորձենք քննարկել, թէ որքա՛ն առաջնահերթ է խնդիրը Մոսկուային համար: Մինչ այժմ իրականացած հանգրուանային տունդարձի գործողութիւններուն պարզ դարձաւ, որ բանակցողը, ռազմագերիները Երեւան հասցնողը Մոսկուան է. այստեղ գոյութիւն չունին հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններ: Երեւանը  այս առեւտուրին մէջ գրեթէ տալիք չունի հակառակորդ կողմին: Երեւան կը պահուին երկու սուրիացի ահաբեկիչներ, որոնց նկատմամբ երէկ հնչեցին պաշտօնական մեղադրանքները:

Բանակցողը այս պարագային Մոսկուան է Պաքուի հետ` հայկական կողմին փոխարէն: Երբ կը յայտարարուի, որ գերի չէ մնացած Պաքուի մէջ, կա՛մ առեւտրական հասկացողութեամբ գին աւելցնելու քայլ կ՛առնուի, կա՛մ ալ այլ կարգավիճակ կը փորձուի ապահովել առկայ գերիներուն: Գուցէ «ահաբեկիչ»: Այդ պարագային ոչ անպայման «ահաբեկիչ ահաբեկիչի դիմաց» փոխարինման սկզբունքով, այլ աւելի միջազգային հանրային կարծիքին ուղղութեամբ քարոզչական գործողութիւն կազմակերպելու մտադրութեամբ: Իբրեւ թէ երկու կողմերն ալ օգտագործած են ահաբեկիչ տարրեր այս պատերազմին` փորձելով ձգել այն տպաւորութիւնը, որ ահաբեկչութիւնը թափանցած է երկու ռազմական ճամբարները:

Այստեղ չ՛աւարտիր անշուշտ ռազմագերիներու տունդարձի գործողութիւնը կազմակերպելու առումով վարկանիշներ ստանալու կամ շնորհելու մարտավարութիւնը: Երեւան ժամանած պարապ օդանաւը ռազմագերիներու փոխարէն ուղերձներ կը փոխադրէր:

Այս նիւթը տակաւին շահարկուելու ահագին տեղ ունի եւ ուղղակի կը կապուի տխրահռչակ յայտարարութեան 9-րդ կէտին հետ: Աշխարհագրական շրջափակում մարդկային ապաշրջափակումի դիմաց միայն: Արդէն անցանք տարածաշրջանային հարթութիւն, ուր վեցեակի տեսքով, 9-րդ կէտի տեսքով, տնտեսական, ենթակառուցուածքային, փոխադրական ծրագիրներով, խաղաղութիւն հաստատելու յայտարարութիւններով միեւնոյն օրակարգը կը վերադառնայ սեղան: Եւ այս առումով Պաքուն մինչեւ վերջ պիտի փորձէ նոր զիջումներ ապահովել հայկական կողմէն, որ բանակցային տկարագոյն դիրքերու վրայ կը գտնուի իբրեւ պարտուած կողմ:

9-րդ կէտը հրադադարի յայտարարութեան վերջին կէտն է եւ կը վերաբերի ապաշրջափակումին. անկէ անմիջապէս առաջ, 8-րդ կէտը կ՛արձանագրէ.

«8.- Տեղի է ունենում ռազմագերիների, պատանդների եւ պահուող այլ անձանց ու մահացածներու մարմիններու փոխանակում»:

Հիմա, ռուս դիւանագէտը կը յայտարարէ, որ 8-րդ կէտի առաջին կարգավիճակին մէջ գտնուող անձանց վերադարձը իր առաջնահերթութիւնն է:

Ռազմագերիներու հետ կապուած վերջին ուղղութիւն մըն ալ կը թուի, որ տեսանելի է:

Ներքին հասկացողութեամբ յունիսէն առաջ մնացեալ ռազմագերիներու վերադարձի իրականացումը տրամաբանօրէն կրնայ  նպաստել գործող իշխանութիւններու ընտրական վարկանիշին: Քաղաքական հասկացողութեամբ սակայն անիկա որեւէ ձեւով չի կապուիր հայկական կողմին հետ: Չմոռնանք. բանակցողը, իրականացնողը գերմիջնորդ Ռուսիոյ Դաշնութիւնն է:

Մոսկուայի կողմէ ռազմագերիներու տունդարձի գործողութեան կազմակերպման ու իրականացման քաղաքական պահի ճշդումը այս առումով եւս կրնայ նշանակութիւն ունենալ: Դատարկ օդանաւը  յիշեցուց, որ այդ պահը տակաւին չէ հասունցած:

«Ա.»

 

Նախորդը

Թաթոյեան. «Ազրպէյճանի Իշխանութիւնները Կ՛օգտագործեն Հայ Ռազմագերիներու Հարցը` Զարգացնելու Համար Իրենց Ատելութեան Քաղաքականութիւնը»

Յաջորդը

Շուքրի Լաւրովի Հետ Հանդիպումէն Ետք Կոչ Կ՛ուղղէ Լիպիայէն Օտար Ուժերու Հեռացման

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.