Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մէջ. «Քրիստոսի Յարութիւնը` Երաշխիք Հաւատքի Ու Յոյսի» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

April 6, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 4 ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ: Վեհափառ հայրապետին իբրեւ առընթերակայ Ս. խորանին վրայ ներկայ էին   Շահան արք. Սարգիսեան եւ   Մակար եպս. Աշգարեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր ու սարկաւագներ: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին կողմէ:

Օրուան իր պատգամին մէջ վեհափառ հայրապետը` անդրադառնալով Աստուծոյ Որդւոյն յարութեան դէպքին, ըսաւ. «Յարութիւնը յաղթանակ մըն էր չարին, մեղքին ու մահուան դէմ, ու միաժամանակ` հրաւէր մարդուն իր կեանքը հաւատքով շաղախելու ու յոյսով գօտեպնդելու: Քրիստոսի յարութիւնը պէտք է նկատել իբրեւ երաշխիք մարդու յարութեան ու հրաւէր` կեանքի տագնապները յարութեան հաւատքով ու յոյսով դիմագրաւելու: Առաքեալը կ՛ըսէ` եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար, մեր հաւատքը իր իմաստը պիտի կորսնցնէր: Քրիստոսի յարութեան վրայ հիմնուած հաւատքը նաեւ աղբիւր է յոյսի: Արդարեւ, դարեր շարունակ մարդիկ յուսացին Աստուծոյ Մեսիային գալստեան: Քրիստոսի մարդեղութեամբ ու յարութեամբ այդ յոյսը իրականացաւ»:

Շարունակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Քրիստոսի յարութեան հաւատալ կը նշանակէ յոյսով ապրիլ, յոյսը դարձնել մեր կեանքին առանցքն ու ճամբան: Քրիստոսի յարութեան հաւատալ կը նշանակէ յարութեան խորհուրդը ապրիլ մեր կեանքին մէջ: Քրիստոսի յարութեան հաւատալ կը նշանակէ սպասել Քրիստոսի երկրորդ գալուստին: Առանց յոյսի, սաղմոսին բառերով, մարդուն կեանքը կը վերածուի խոտի: Քրիստոսով ապրիլ կը նշանակէ յոյսով ապրիլ, յոյսով զօրանալ»:

Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն` վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ. «Կ՛ապրինք դժուար ժամանակներու մէջ: Ծանր պայմաններով շրջապատուած ենք:  Մեր անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքին դիմաց ցցուած են հսկայ դժուարութիւններ: Այս կացութեան դիմաց, մենք կոչուած ենք հեռու վանելու մեր կեանքէն մեզ դէպի պարտուողականութիւն, հեռացում ու յուսահատութիւն առաջնորդող հոգեվիճակներն ու քայլերը: Հաւատքով շաղախուած յոյսն է մեր կեանքի ճամբան: Ա՛յս է պատգամը Քրիստոսի յարութեան: Ա՛յս է ճամբան քրիստոնեայ մարդուն»:

Ս. պատարագի ընթացքին ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն եւ Քրիստոսի յարութեան հաւատքով վերանորոգեցին իրենց յոյսը:

 

Նախորդը

Իտալիոյ Սան Վիթօ Տէյ Նորմաննի Քաղաքը Ճանչցած Է Արցախի Անկախութիւնը

Յաջորդը

Ս. Յարութեան Տօնը Երեւանի Մէջ. «Յարութիւնը Կայանում Է Միայն Հայրենեաց Սիրոյ Շուրջ Համախմբումով» Կ՛ըսէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Ակնարկ.  Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ

September 25, 2026
Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի  ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը

September 25, 2026
Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Հրապարակէ «Եկեղեցւոյ Բարեկարգման Մասին Զեկուցումը. Ս. Էջմիածին Կը Հակադարձէ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.