Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեդա Պաղտասարեանի Յիշատակին

April 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տ. Թ.

Այսպէս անյայտ, անաղմուկ եւ անտրտունջ մեր աշխարհէն հեռացաւ Սեդան, շաբաթներ առաջ, հեռու Լիբանանէն, իր սիրած երկրէն, իր ընտանիքէն, բարեկամներէն ու ընկերուհիներէն:

Սեդան «մարդ»-ու այն տիպարն էր, որ կարելի է,  կատարեալ սեպել: Երկու տիպար ամփոփուած էր իր մէջ` կին մարդը եւ գործիչ մարդը. ԼՕԽ-ի մէջ իր տարիներու գործունէութեան ընթացքին, զինուած իր երկու տիպարներու բարեմասնութիւններով, խոր հետք  ձգեց, որ կարելի է բնորոշել որպէս ԼՕԽ-ական տիպարի օրինակ:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչին ծառայութեան ընթացքին ան ցուցաբերեց նախ իսկական մարդու իր արժանիքները` բարի, համեստ, սիրող, գուրգուրացող, դիմացինը լսող եւ հասկցող, աշխատող եւ լուռ պայքարող, ապա ղեկավարի մը անհրաժեշտ արժանիքները` պարզութիւն, գիտակցութիւն, շինիչ հեղինակութիւն, որոնք բնականաբար կը բխէին իր հեզութենէն, մասնագիտական պատրաստութենէն եւ դիմացինը թէ՛ որպէս մարդ, թէ՛ որպէս գործիչ գնահատելու կարողութենէն: Անժխտելի ուժ մըն էր  կազմակերպութեան մէջ, ուր իր կողքին հանգիստ կը զգային գործակիցները` գործելու, հետեւելու եւ իրագործելու. ամէն գործունէութեան նոր ժամանակաշրջանի  մը սկիզբին «Մեր ներկայացուցիչը Սեդա՞ն է» շատ անգամ կը հասկցնէին մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ  յանձնախումբերու անդամուհիները: Ժողովական կեանքին մէջ գիտէր լսել, մտիկ ընել, հետեւցնել, կարծիք կազմել եւ արտայայտել, գիտէր որոշում կայացնել եւ հարցերու լուծման յանգիլ եւ յարգել որեւէ տրուած որոշում: Դիւրութեամբ իր սխալը ընդունող էր, նոյն դիւրութեամբ դիմացինին սխալը մատնանշող նուրբ ոճ մը ունէր, որ մղիչ ուժ կը դառնար սխալին անդրադառնալու եւ շտկել փորձելու:

Բարձր տրամադրութեամբ, աշխուժ, իրատես եւ նոյն ատեն լաւատես, գործ յառաջ տանելու ամէնէն դժուար օրերուն իսկ գործի վրայ էր: Գաղափար, միջոց եւ մասնակցութիւն` իր ստեղծած կամ իրեն յանձնարարուած  եւ ստանձնած աշխատանքներուն  պարտաւորիչ  յատկանիշներն էին, որոնք ամէնէն աւելի արժեւորուեցան «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի ծրագրին, կառուցման եւ գործունէութեան ընթացքին: Կարելի է երկար խօսիլ Սեդա գործիչի եւ նոյնքան մարդու մասին, թելադրող` իր համեստութեամբ եւ պարզութեամբ ու լայնամտութեամբ պարտաւորեցնող Սեդային մասին, հանելով իսկական ԼՕԽ-ականի տիպարը:

Ցաւող սրտի այս քանի մը տողերը թող խունկ ու աղօթք համարուին իր յիշատակին եւ իր գործակից ընկերուհիներէն մէկուն հետեւեալ խօսքը, թող նախ իր արժանի գնահատանքը  ըլլայ, ապա ուղեցոյց` մեզի, իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականիս` «Ընկերուհին օր մը ինքզինք մեզմէ վեր չդասեց»: Հանգչի՛ր խաղաղութեամբ, սիրելի՛ ընկերուհիս:

 

Նախորդը

Հաւատալ Եւ Ընդունիլ (Սիլվա Սարեան-Ետալեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Կարօ Քեպապճեանը

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.