Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոնի Թարգմանիչը Հըզպալլայի Առնչուած Անձին Յանձնած Է Սիւլէյմանիի Սպանութեան Վերաբերեալ Գաղտնի Տեղեկութիւններ

March 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէկ քաղաքացին, որ իբրեւ թարգմանիչ աշխատած է Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններէն մէկուն մէջ, ինքզինք մեղաւոր ճանչցած է Հըզպալլայի հետ առնչութիւն ունեցող անձին գերգաղտնի տեղեկութիւն յանձնելու համար: Տեղեկութիւնը վերաբերած է Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան հետ առնչութիւն ունեցող անձերուն:

«Ուաշինկթընէքզամինըր» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Ըստ դատական փաստաթուղթերու, Մարիամ Թոմփսըն պայմանագրային հիմքով իբրեւ թարգմանիչ աշխատած է արտասահմանի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններէն մէկուն մէջ, ուր իրեն պետական գաղտնի տեղեկութիւն յանձնուած է: Թոմփսըն ինքզինք մեղաւոր ճանչցած է ազգային անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէն չափազանց կարեւոր տեղեկատուութիւնը օտարերկրեայ քաղաքացիի մը յանձնելու համար, որ անոր կարծիքով, զայն պիտի յանձնէր լիբանանեան Հըզպալլա շարժումին, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ճանչցուած է իբրեւ ահաբեկչական խմբաւորում», կը շեշտուի յայտարարութեան մէջ:

Թոմփսըն խոստովանած է, որ 2017 թուականէն ի վեր ինք կապի մէջ եղած է անձի մը հետ, որ, անոր պնդումով, կապեր ունի Հըզպալլայի հետ: Միեւնոյն ժամանակ, կնոջ մօտ որոշ ժամանակ ետք սկսած են սիրային զգացումներ յառաջանալ անոր հանդէպ: 2020 թուականի յունուարին Սիւլէյմանիի սպանութենէն ետք, տղամարդը կնոջմէն խնդրած է տեղեկութիւն տրամադրել այն անձերուն մասին, որոնք օգնած են Միացեալ Նահանգներուն տեղորոշել «Քուտս»¬ի հրամանատարին գտնուած վայրը: Միեւնոյն ժամանակ, ըստ կնոջ խոստովանութեան, ան հասկցած է, որ տեղեկութիւնը պիտի ուղարկուի Հըզպալլային:

Ամբաստանեալը կրցած է ստանալ այն տուեալները, որոնք պարունակած են հետախուզութեան ձեռք բերած շարք մը տեղեկութիւններ, ներառեալ «լուսանկարներ, իրական անուններ, անձնական տուեալներ, որոնք անոնց կ՛արտօնէ ճշդել, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ այդ անձերու անցեալին մասին»: Ան նաեւ յաջողած է ծանօթանալ այն փաստաթուղթերուն, որոնց մէջ մանրամասնուած է, թէ այդ մարդիկը ի՛նչ տիպի տեղեկութիւններ կը հաղորդեն ամերիկեան իշխանութիւններուն:

27 փետրուար 2020-ին «Էֆ.Պի.Այ.»¬ի աշխատակիցները ձերբակալած են կինը, սակայն այդ ժամանակ ան հասած էր յանցակիցին յանձնել բազմաթիւ փաստաթուղթեր, ներառեալ «տեղեկատուութիւն առնուազն տասը գաղտնի հետախուզական աղբիւրներու ինքնութեան մասին, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ առնուազն քսան ամերիկեան թիրախներու վերաբերեալ»:

«Ուղղակի զարմանալի է, որ ամերիկացի կինը, որ արտասահմանի մէջ կ՛աշխատէր Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերուն մէջ, դաւաճանած է իր երկրին` յանուն ահաբեկիչներու», փաստաթուղթին մէջ մէջբերուած է «Էֆ.Պի.Այ.»¬ի բանբեր Ալան Քոլըրի յայտարարութիւնը:

Կինը կրնայ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուիլ:

 

 

Նախորդը

Պայտըն Փութինն Ու Ծինփինը Հրաւիրած Է Կլիմայի Հարցով Բանակցութիւններու

Յաջորդը

Ազրպէյճանցի Երեսփոխանը Կը Յայտնէ. «Հայաստանը Սկսած Է Փոխհատուցել Ազրպէյճանին Հասցուած Վնասը»

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.