Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 25, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 29 մարտ 2021-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ, քննարկելու եւ վաւերացնելու համար օրակարգի վրայ եղող կարգ մը օրինագիծեր, որոնց շարքին են Ելեկտրականութեան ընկերութեան յատկացումի ընձեռումն ու պետական գանձարկղէն իւրացուած գումարները վերադարձնելու օրինագիծը:

ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ վարչապետ Սաատ Հարիրի Աւետման տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` մաղթելով, որ այս տօնը  մնայ հաւաքական տօն մը` լիբանանցիները յանձնառու պահելով իրենց ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու առաջնահերթութեան: Նշենք, որ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ հերքեցին Հարիրիի Փարիզ մեկնելուն մասին լուրերը` շեշտելով, որ ան կը գտնուի Պէյրութ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավար Մարթին Լոնկտընը, որուն հետ քննարկեց «Պրիւքսել 5» խորհրդաժողովը, որ պիտի գումարուի այս ամսուան աւարտին: Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Լոնկտըն շեշտեց Բրիտանիոյ մնայուն զօրակցութիւնը Լիբանանին:

ԱԶԳԱՅԻՆ կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումին գործադիր խորհուրդը ցաւ յայտնեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած ձախողութեան համար` ընդգծելով, որ այս պայմաններուն տակ նոր կառավարութեան մը շուրջ չհամաձայնիլը լիբանանցի ժողովուրդին հաշուոյն գործուած դասալքութիւն է: Խորհուրդը կոչ ուղղեց արագացնելու ճիգերը եւ կազմելու ազգային համախմբող կառավարութիւն մը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ, անդրադառնալով Սուրիոյ կողմէ Լիբանանին թթուածին տրամադրելու քայլին, հաստատեց, որ նեղ պայմաններուն ընթացքին է միայն, որ Լիբանանի իսկական բարեկամները ի յայտ կու գան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի եւ Չինաստանի դեսպաններ Թաքեշի Օքուպոն եւ Ուանկ Քիճիանը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին եւ ճափոնական ու չինական բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն բաժնած միացեալ կեցուածքները:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու բանագնաց Տէյվիտ Շինքըր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ համայնքներու իրաւունքներուն վրայ կեդրոնանալը կը բարդացնէ ժողովուրդին տառապանքը: Ան հաստատեց, որ լիբանանցիները կարիքը ունին մասնագէտներու կառավարութեան:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Պէտք Է Հեռացնել Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Դժուարութիւնները»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.