Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Վահան Տէր Ղեւոնդեան. «Լուրջ Խնդիր Ունինք Արցախը Գիտականօրէն Աշխարհին Ծանօթացնելու»

March 20, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի առցանց 26-րդ լսարանին զեկուցեց Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն դոկտ. Վահան Տէր Ղեւոնդեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսութեան սկիզբը Տէր Ղեւոնդեան ներկայացուց մատենադարանի պատմականը, 1915-էն ի վեր, հասնելու համար մեր օրերը: Ս. Էջմիածինէն Երեւանի ազգային գրադարան եւ ապա Մատենադարանի այսօրուան շէնքը Տէր Ղեւոնդեան ներկայացուց ձեռագրային արխիւներու համալրման փուլերը:

Բացատրելով մատենադարանի գիտահետազօտական հիմնարկի կարգավիճակը` մատենադարանի տնօրէնը  խօսեցաւ տարբեր բնոյթի հրատարակութիւններուն մասին` «Բանբեր մատենադարանի», «Մատենագիրք հայոց», մայր ցուցակ հայերէն ձեռագրաց, ձեռագիրներու յիշատակարաններ, տնտեսութեան պատմութեան վաւերագիրներ, օտար աղբիւրներ Հայաստանի եւ հայութեան մասին:

Մատենադարանի կազմակերպած գիտաժողովներուն մասին խօսելով` դասախօսը կեդրոնացաւ իրանագէտ Յակոբ Փափազեանի  եւ Գրիգոր Տաթեւացիի յատկացուած գիտաժողովներուն վրայ:

Տէր Ղեւոնդեան ապա խօսեցաւ մատենադարանի կազմակերպած կեդրոնական եւ յարակից սրահներու մնայուն եւ ժամանակաւոր ցուցահանդէսներուն բնոյթին, ընդառաջումներուն եւ ներկայի դժուար պայմաններուն մէջ ցուցահանդէսներու նոր ձեւաչափի կայացման անհրաժեշտութեան մասին:

Մատենադարանի տնօրէնը յատուկ բաժինով նախ հաստատեց, որ  Գանձասարէն Արցախի ձեռագիրները պատերազմի օրերուն փոխադրուած են Երեւան: Ան աւելցուց, որ մատենադարանի կայքը, որ փոխներգործօն քարտէսներով օժտուած է, պատերազմի օրերուն ենթարկուած է ազրպէյճանցի կայքահէններու յարձակումներուն եւ որուն պատճառով որոշ ժամանակի համար փակուած է առ ի ապահովութիւն:

Նոր արհեստագիտութեան, թուայնացումի եւ նման ծրագիրներ իրականացնելու համար մատենադարանին կ՛աջակցին «Կիւլպէնկեան» հիմնարկն ու «Աւրորա» մարդասիրական հիմնադրամը:

Դասախօսութեան վերջին բաժինով Տէր Ղեւոնդեան անդրադարձաւ մատենադարանի գիտահետազօտական հրատարակութեանց ազրպէյճանական հակազդեցութիւններուն եւ բողոքներուն: Ազրպէյճանական պատմամշակութային նենգափոխումներուն գիտականօրէն հակազդելու հրամայականը շեշտելով` դասախօսը հաստատեց. «Մենք լուրջ խնդիր ունինք Արցախը գիտականօրէն աշխարհին ծանօթացնելու: Եւ այդ առումով մատենադարանը գիտահետազօտական աշխատանքներ կ՛իրականացնէ տարբեր լեզուներով: Ազրպէյճանական եւ թրքական բոլոր յերիւրանքներուն պէտք չէ հակազդել. լուրջ եւ գիտական յօդուածները կրնան հասնիլ աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր կեդրոններուն»:

 

Նախորդը

«Հայաստանի Մէջ Արտակարգ Ընտրութիւններ Կատարելու Քաղաքական Որոշումին Մասին Որեւէ Մեկնաբանութիւն Չունիմ» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Բանբերը

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Այս Իշխանութիւնը Կը Փորձէ Դատարաններն Ու Դատաւորները Դարձնել Իր Խամաճիկները»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.