ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի մէջ արտակարգ ընտրութիւններու կայացման: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք 20 յունիսին նախատեսուող արտակարգ ընտրութիւնները պիտի օգտագործուի՞ն մեղմացնելու երկրին կացութիւնը, եւ արդեօք ՄԱԿ-ը կը պատրաստո՞ւի հսկողութեան առաքելութիւն ուղարկելու ընտրութիւններուն` Տիւժարիք ըսած է.
«Ես տեղեակ չեմ` արդեօք մենք ստացա՞ծ ենք նման խնդրանք, թէ՞ ոչ: Մենք հսկիչներ չենք ուղարկեր, սակայն, ի հարկէ, կ՛աջակցինք անդամ պետութիւններուն, եթէ իշխանութիւնները նման խնդրանքով մեզ դիմեն: Ես չունիմ որեւէ մեկնաբանութիւն ընտրութիւններու կայացման քաղաքական որոշման վերաբերեալ: Մենք միշտ կողմնակից ենք ընտրութիւններուն, ուր մարդիկ կրնան ազատ արտայայտուիլ իրենց ապագային մասին»:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ եթէ ՄԱԿ-ի անդամ որեւէ երկրէ նման խնդրանք ստացուի, ապա ատիկա անպայման պիտի սերտուի:



