Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այդքան Ալ Չենք Հաւատար, Որ 20 Յունիսին Կրնան Տեղի Ունենալ Ընտրութիւններ»

March 20, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 19 մարտին, Բաղրամեան պողոտային վրայ մամլոյ ասուլիս տուաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան, որ յատկապէս անդրադարձաւ 20 յուլիսին խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան:

Ան հաստատեց, որ Փաշինեանի յայտարարութիւնը` ընտրութիւններ կազմակերպելու մասին, ապացոյց չէ, որ այդ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան: Արդարեւ, խորհրդարանական ընտրութիւններու համար անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ վարչապետին հրաժարականը, ընդ որում` 2 անգամ, այդ ժամանակաշրջանին պէտք չէ ընտրուի վարչապետ, լուծարուի խորհրդարանը, եւ հանրապետութեան նախագահը ճշդէ խորհրդարանական ընտրութիւններ:

«Այսինքն, Փաշինեանի այն դիմատետրեան գրառումը, որ 20 յունիսին տեղի պիտի ունենան ընտրութիւններ, եւ ատիկա վերջնական է, մեզի համար հաւատալի չէ: Այս ժամանակահատուածին մէջ իրենք քանի մը անգամ խօսած են արտահերթ ընտրութիւններու մասին, շատ արագ հրաժարած են, պատերազմի ընթացքին 44 օր սուտով եւ կեղծիքով կերակրած են մեզ… Մենք ունինք բաւարար բոլոր հիմքերը կասկածելու, որ 20 յունիսին տեղի կրնան ունենալ ընտրութիւններ», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Երկրորդ, ան նշեց, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպումը եղած է Հայրենիքի փրկութեան շարժումի պահանջներէն մէկը: Բայց, եթէ նոյնիսկ տեղի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, պէտք է բաւարարուի Հայրենիքի փրկութեան շարժումի պահանջներուն ընդամէնը մէկ մասը:

«Մենք կը կարծենք, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները անհրաժեշտ եւ կարեւոր պայման են երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար, բայց արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները Նիկոլ Փաշինեանի կազմակերպութեամբ, իր` ժամանակաւոր պաշտօնակատար ըլլալու պարագային, կը հասցնէ մեծ վտանգի, որ ատիկա պիտի չըլլայ մրցակցային, հաւասար պայմաններով, մեծ կարելիութիւն պիտի ըլլայ, որ այդ ընտրութիւնները կեղծուին, եւ իրականութեան մէջ այդ ընտրութիւնները կրնան ըլլալ ոչ թէ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ելք, այլ նոր ճգնաժամի սկիզբ», յայտնեց ան:

Հետեւաբար, Հայրենիքի փրկութեան շարժումը կը շարունակէ պնդել, որ այն ճամբու քարտէսը, զոր Փաշինեան առաջարկած էր, ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ճիշդ միջոց չէ, արդիւնաւէտ քարտէսը շարժումին առաջարկածն է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Բաղրամեան փողոցը պիտի շարունակէ՞ փակ մնալ` Իշխան Սաղաթէլեան տեղեկացուց, որ անհնազանդութեան շարժումները պիտի շարունակուին, կրնայ նաեւ մարտավարական փոփոխութիւններ կատարուիլ:

Ան նշեց, որ ընտրութիւններուն մասին յայտարարութիւնը շարժումին, մեր հայրենակիցներուն կատարած աշխատանքին եւ ճնշումին արդիւնք է, ինչ որ որոշ ձեռքբերում է, քանի որ որեւէ իշխանութիւն, որուն վիճակը լաւ է, պիտի չձեռնարկէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան: Բայց ատիկա բաւարար պայման չէ` երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու համար:

Սաղաթէլեանի համաձայն, եթէ Փաշինեան անկեղծ է, թող հրաժարական տար: Պատասխանելով այն հարցումին, որ իբրեւ ժամանակաւոր պաշտօնակատար ո՞վ ի մտի ունին` ան ըսաւ, որ անձնական շահագրգռութիւն չունեցող անձ մը` յանձինս Վազգէն Մանուկեանի. «Բայց եթէ կայ այլ թեկնածու, որ կրնայ չէզոք ըլլալ, եթէ ըլլան քննարկումներ` կրնանք քննարկել, բայց ընտրութիւնները կազմակերպող անձը պէտք չէ մասնակցի ընտրութիւններուն», յայտնեց ան:

Սաղաթէլեան բնական նկատեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան եւ Հայրենիք կուսակցութիւնները յայտարարեն, թէ պատրաստ են մասնակցելու նոյնիսկ Նիկոլ Փաշինեանի կազմակերպած ընտրութիւններուն, ինչ որ անոնց բնական իրաւունքն է: Ան նշեց, որ շարժումի բազմաթիւ կուսակցութիւններ իրենց դիրքորոշումը յայտնած են, բայց այստեղ կայ կարեւոր բան մը. «Նիկոլի հեռացման հարցով շարժումին մէջ կայ 100 առ հարիւր համաձայնութիւն: Պարզապէս մէկ մասը կը կարծէ, որ անոր արագ հասնելու ճամբան ընտրութիւններ են, միւս մասը կը կարծէ, որ պէտք չէ իր օրակարգով (Փաշինեանի օրակարգով, «Ա.») երթալ  ընտրութեան. այստեղ մօտեցումներու տարբերութիւն կայ», նշեց Սաղաթէլեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Դաշնակցութեան դիրքորոշումը ի՞նչ է` Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ իրենք պիտի պայքարին իրենց առաջադրած օրակարգին համար: Նոյնիսկ եթէ մինակ մնան, պիտի շարունակեն պայքարը, որ Նիկոլ Փաշինեան օր առաջ հեռացուի: Ան աւելցուց, որ եթէ ամէն պարագայի տեղի ունենան ընտրութիւններ, ապա Դաշնակցութիւնը պիտի քննարկէ` պիտի մասնակցի՞, թէ՞ ոչ:

 

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Այս Իշխանութիւնը Կը Փորձէ Դատարաններն Ու Դատաւորները Դարձնել Իր Խամաճիկները»

Յաջորդը

Ակնարկ. Երկուշաբթի Օրուան Առիթը Եւ Բացակայող Նախադրեալները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.