Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իւրայատուկ Ընկերս` Սեւան Ալեքսանդրեանը

March 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Այս վերջին երեք տարիներուն ընթացքին անակնկալօրէն կորսնցուցած եմ երեք մտերիմ ընկերներ: Իւրաքանչիւրին պարագային, բառին բուն իմաստով, ցնցուած էի ու հսկայական ճիգ գործադրած եմ, որպէսզի կարենայի պահել ներքին իմացականութեանս հաւասարակշռութիւնը: Այն հաւասարակշռութիւնը, որ մէջդ կը ստեղծուի տարիներու ընթացքին` շնորհիւ  գաղափարականօրէն ամուր ու վստահելի մտերմութիւններու:

Սեւանը անոնցմէ վերջինն էր: Առաջին երկուքը Արա Տեմիրճեանը եւ Վահիկ Յարութիւնեանն էին, մէկը Պէյրութ, միւսն ալ Երեւան:

Սեւանը զաւակն էր Նիկողոս Ալեքսանդրեանին. կրտսեր եղբայրը Մասիսին, Վարանդին ու Շանթին: Բոլորն ալ` դաշնակցականներ: Իրեն ծանօթացած եմ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան մէջ, եւ առանձնայատուկ ոչինչ կար այդ օրերու մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Այնուհետեւ ես փոխանցուեցայ Էշրեֆիէի «Պալագեան» կոմիտէութիւն` իմ կազմակերպական ծառայութիւնս հոն շարունակելու համար եւ մեր կուսակցական յագեցած առօրեային մէջ Սեւանին «հետքը» կորսնցուցի, հակառակ անոր որ ի՛նք եւս կազմակերպական նոյն (բայց բազմաշերտ) առօրեային մէջն էր:

Զիրար «վերագտանք» ութսունականներու կէսերուն, Պուրճ Համուտի «Սարդարապատ» շէնքի խանութներէն մէկուն մէջ, ուր Սեւանը սկսած էր խաղալիքներու առեւտուրի: Շնորհիւ իր քաղցր բնաւորութեան ու պայծառ հոգիին` Սեւանը «գերեց» զիս (ինձմէ շատ առաջ ալ… «գերած» էր Գարինային սիրտը, ու Գարինան ալ` ի՛րը) ու կ՛երեւի իմ խառնուածքս ալ իրեն հոգեհարազատ ըլլալով` մեր միջեւ ստեղծուեցաւ մտերմութիւն մը, որ ունէր թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ դաշնակցականի գաղափարական բաղադրիչներ:

Այդ օրերու մեր անհատնում զրոյցներուն ընթացքին երեւան կու գային Սեւանին մարդկային նկարագրի պայծառ գիծերը: Օրինակելիօրէն պարկեշտ, միշտ յարգալիր, միշտ հարազատ` ինքն իր անձին նկատմամբ, միշտ իրաւ այլ երբեք` շինծու, ու մանաւանդ` միշտ պայծառ ու յստակ` հայելիի նման: Այն աստիճան, որ «փոքեր»-ի սեղանին վրայ շատ դիւրին էր իր «պլաֆները» բռնելը…

Սեւանին մօտ ակնբախ էին սկզբունքայնութիւնն ու գաղափարական նուիրումը: 80-ական այդ տարիներուն լիբանանահայ իրականութիւնը ծանր էր (ե՞րբ «թեթեւ» եղած էր որ): Սեւանին հետ մեր գլուխ-գլխի երկարապատում խօսակցութիւններուն ընթացքին իր մէջ կը տեսնէի իր այդ ամուր հաւատքը` մեր գաղափարական սկզբունքներուն նկատմամբ, ու մանաւանդ` արդարամտութիւնը: Ինքզինք կը համարէր Դաշնակցութեան համեստ զինուորագրեալը, նոյնիսկ եթէ սովորական «խաղալիքի վաճառական» էր, ինչպէս երբեմն կատակով դիտել կու տայի իրեն: Սեւանը ֆիզիքապէս յաղթանդամ… երեխայ մըն էր բառին ամէնէն ազնիւ ու վճիտ իմաստով. երեխայի նման անմեղ, երեխայի նման ճշմարիտ ու երեխայի նման անկեղծ հոգիով: Բարի հսկայ մըն էր Սեւանը:

Ընկերականութիւնը իր մէջ այնքան շեշտուած էր, որ նոյնիսկ իր քննադատութիւններուն մէջ նրբազգաց էր: Այդ օրերուն, երբ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնն էի, Սեւանը երբեմն զիս կը քննադատէր (շատ յաճախ` արդարացիօրէն), սակայն իր քննադատութիւնները այնքան նուրբ ու ընկերական ջերմութեամբ կը յայտնէր ինծի, որ դժուար էր չընդունիլը, մանաւանդ երբ զինք յատկանշող լայն ժպիտով կը խօսէր հետս այդ մասին: Իր այդ ժպիտը, վստահ եմ, մնաց իրեն հետ ու դարձաւ զինք յատկանշող brand-ը:

Շնորհիւ իր նկարագրային այս գիծերուն` Սեւանը ինծի համար ներշնչումի աղբիւր էր: Ամէն անգամ, որ բանէ մը ընդվզած ըլլայի ու տաքցած (ըստ իմ սովորութեանս…), Սեւանն էր զիս հանդարտեցնողը, նոյնիսկ երբ միաժամանակ ի՛նք ինձմէ խորհուրդներ կ՛ուզէր այս կամ այն հարցով: Մեր միջեւ գոյութիւն ունէր փոխադարձ վստահութեան ամուր, շատ ամուր կապ մը ու երկուքս ալ, մանաւանդ ինք, այնքան կը գուրգուրայինք ատոր վրայ:

Պայմաններու եւ գործի բերումով ես մեկնեցայ Պոսթըն, իսկ Սեւանին ձայնը օր մը առի Արաբական ծոցի երկիրներէն, այդ օրերուն` նամակով: Մեր միջեւ կապը մնաց պարագայական, սակայն միշտ` բովանդակալից ու սրտամօտ: Մինչեւ քանի մը տարի առաջ, երբ արդէն Սեւանը ինչ-ինչ հանգամանքներու բերումով շարքերէն հեռացուած էր: Պէյրութ այցելութեանս ընթացքին կապուեցայ հետը, ժամադրուեցանք ու հանդիպեցանք: Ինք պատմեց ամէն ինչ. բան չէր փոխուած Սեւանին մօտ, ո՛չ իր հաւատքը նուազած էր, ո՛չ ալ իր գաղափարական նուիրումը, բայց ակնյայտ էր իր ներքին վիշտը, որ շատ ծանր կը տանէր: Ոչ մէկ ժխտական արտայայտութիւն ունեցաւ իր վիշտին դրդապատճառներուն մասին, ոչ ալ` անձերու հասցէին: Կուսակցական չէր այլեւս, սակայն նուազագոյն չափով իսկ չէին պակսած իր դաշնակցականի ապրումները: Մէկ խօսքով, ոչինչ փոխուած էր Սեւանին էութենէն: Փաստը այն է, որ իր հեռացումէն մինչեւ  անժամանակ մահը ես ոչ մէկ անգամ իրմէ լսեցի ժխտական արտայայտութիւն մը իր սիրած կազմակերպութեան եւ կամ ոեւէ անձի նկատմամբ: Ականջը խօսի… անուններ չտամ, չարատաւորելու համար Սեւանին անբիծ յիշատակը: Սեւանին «խաթր»-ը ինծի համար աշխարհ մը կ՛արժէ:

Վերջին երկու-երեք տարիներուն մեր կապերը առաւելաբար հեռաձայնային էին եւ շատ աւելի յաճախակի: Մեր մտերմութիւնը ինծի թոյլ կու տար, որ իր «ալօ»-ին պատասխանէի այն բառապաշարով, որ միմիայն մեր երկուքին նման մտերիմներուն յատուկ է (Գարինան ալ երբեմն ականջալուր եղած է` պատճառ դառնալով, որ ամօթէս գետնին տակը անցնէի… Սեւանը դիտմամբ հեռաձայնին բարձրախօսը բաց ձգած կ՛ըլլար): Ի՞նչ պիտի ըլլային մեր նիւթերը, եթէ ոչ` Հայաստան, Դաշնակցութեան առած այս կամ այն քայլը: Սեւանը մտածուած եւ լուրջ հարցումներ կ՛ուղղէր ինծի, որոնք իրենց բնոյթով կը մատնէին իր լրջութիւնն ու սրտցաւութիւնը, դաշնակցականի ապրումները:

Ամիսներ առաջ հեռաձայնեցի իրեն եւ ըսի, որ Բիւրոն որոշած է հեռացուած ընկերներուն շարքերուն վերամիանալու առիթ տալ: Զգացի, որ իր աչքերը այդ պահուն փայլեցան, թէեւ ըսաւ` «Կը մտածեմ», բայց վստահ էի, որ Սեւանը պիտի դիմէր: Չէի սխալած: Չեմ գիտեր, թէ հիւանդանոցին մէջ տեղեակ եղա՞ւ, որ ինք վերընդունուած էր Դաշնակցութեան շարքերը: Շարքերը` այն կուսակցութեան, որուն համար Սեւանը եղած էր հաւատարիմ զինուոր, Հայ դատի հետապնդման զինուոր, նոյնիսկ այն տարիներուն, երբ ինք «դուրսն» էր: Ինք «դուրսն» էր, սակայն Դաշնակցութիւնը մի՛շտ մնաց իր մէջ` իբրեւ մէկ մասը իր էութեան: Ինք հայութեան ծառայեց Դաշնակցութեան դրօշին տակ, երբե՛ք այդ դրօշէն հեռու: Այն դրօշին, որուն մէջ պարուրուած` ուղղուեցաւ դէպի վերջին հանգրուան, իր ընկերներուն ուսերուն վրայ` իբրեւ «Վէրքերով լի ջան ֆիտայի», դէպի երկինքին այն մասը, որ յատկացուած է միայն Դաշնակցութեան նուիրեալներուն:

Կը վշտակցիմ Գարինային` իր ազնիւ կողակիցին, զաւակներուն ու թոռներուն: Վա՛րձքդ կատար,  Գարինա՛, որ միշտ թեւ ու թիկունք կանգնեցար քու սրտահատոր Սեւանին: Կը վշտակցիմ իր եղբայրներուն` Մասիսին, Վարանդին ու Շանթին: Բոլորին կ’ըսեմ` հպա՛րտ եղէք Սեւանով: Ես հպարտ եմ իրմով:

 

 

 

Նախորդը

Ուշացած Պատասխան (Սեւան Ալեքսանդրեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Ցանկապատէն Անդին… Սեւանին Հետ

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.