Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Քրիստոնէական Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդը Ամերիկեան Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղած Է` Զբաղելու Հայ Գերիներու Ազատման Հարցով

March 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրիստոնէական եկեղեցիներու ազգային խորհուրդը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած է անյապաղ օգնութիւն տրամադրելու Արցախի բնակիչներուն, որոնք ստիպուած եղած են Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած վերջին պատերազմի պատճառով լքել իրենց տուները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»¬ը, այս մասին նշուած է խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

«Մենք Միացեալ Նահանգները կը յորդորենք աշխուժօրէն բանակցութիւններ վարել` վերադարձնելու համար հայ զինուորներն ու քաղաքայինները, որոնք 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած զինադադարի պայմանագիրին խախտումով կը շարունակեն անազատութեան մէջ պահուիլ: Մենք նաեւ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին մէջ գտնուող քաղաքական ու կրօնական ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղենք լայնօրէն ճանչնալու 20-րդ դարասկիզբին գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Քրիստոնէական եկեղեցիներու ազգային խորհուրդը ողջունած է Քոնկրեսի 101 անդամներու կողմէ ստորագրուած եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին ու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինին ուղարկուած նամակը` նշելով, որ Միացեալ նահանգներ պէտք է անմիջապէս զբաղին շուրջ 50 հազար տեղահանուած ընտանիքներու սնունդի, կեցութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով:

«Նախագահ Պայտընին եւ արտաքին գործոց նախարարին կոչ կ՛ուղղենք` ուղղակիօրէն գործելու եւ բանակցելու Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած զինուորներու եւ քաղաքայիններու ազատ արձակման համար: Թէեւ զինադադարի մասին համաձայնագիրով կը նախատեսուէր, որ Ազրպէյճանը պէտք է ազատ արձակէ բոլոր հայ պատերազմական գերիներն ու քաղաքայինները, սակայն այդ երկիրը հրաժարած է կատարել այդ կէտը», ընդգծած է Քրիստոնէական եկեղեցիներու ազգային խորհուրդը` նշելով, որ շուրջ 200 հայեր կը շարունակեն մնալ գերիի կարգավիճակին մէջ, եւ անոնցմէ շատեր գերեվարուած են զինուորական գործողութիւններու աւարտէն ետք:

Քրիստոնէական եկեղեցիներու ազգային խորհուրդը դատապարտած է նաեւ եկեղեցիներու եւ կրօնական կոթողներու ոչնչացման փաստերը` նշելով, որ Ազրպէյճանը պարտաւոր է պաշտպանել մշակութային ժառանգութիւնը:

«Քանի որ հայերը կը շարունակեն տեղահանուիլ եւ սպաննուիլ, մենք նախագահին կոչ կ՛ուղղենք` պահելու իր խոստումը եւ 24 ապրիլ 2021-ին պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Նախորդը

Քրեմլին. «Պայտըն Չ՛ուզեր Մոսկուայի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորել. Ռուսիան Ատկէ Պիտի Մեկնի»

Յաջորդը

Զախարովա. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ Հայաստանի Մէջ Նախընտրական Փուլը Պիտի Անցնի Կառուցողական Մթնոլորտի Մէջ»

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.