Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1505 վարակուածներ եւ մահացած 42 ուրիշներ:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ անցեալ յունուարէն ի վեր նախանցեալ օր առաջին անգամ ըլլալով է, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը անցաւ երեք հազարը, «ինչ որ ցուցանիշ է, թէ վարակուածներուն թիւը կ՛ուղղուի աճ արձանագրելու եւ երրորդ ալիքը մօտալուտ է: Դժբախտաբար այդ կը նշանակէ նաեւ հիւանդանոցներուն մէջ վարակուած պարագաներու թիւին արձանագրելիք աճը, ինչպէս նաեւ մահացողներու թիւին արձանագրելիք բարձրացումը», ըսաւ ան:
Ապիատ նշեց, որ յստակ է, թէ «Քորոնա» ժահրի երրորդ ալիքը դիմագրաւելու յստակ քայլեր չկան, բացի անկէ, որ պատուաստումի դանդաղ ընթացք մը կայ երկրին մէջ: «Իսկ եթէ ոմանք ամբողջական փակումի առումով յամեցող ներկայ միջոցառումներուն չեն անսար եւ չեն յարգեր անոնց գործադրութիւնը, աւելի խիստ միջոցառումներու որդեգրումը բաւական դժուար կրնայ ըլլալ», շեշտեց Ապիատ:
Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն, լիբանանցին պէտք է մտածէ, թէ ուր որ ալ երթայ, պիտի մնայ օտար եւ արտագաղթած քաղաքացի:
Ան զգուշացուց, որ եթէ Լիբանանի ամբողջ ներուժը արտագաղթէ, ապա Լիբանանն ու լիբանանցիները վերջ պիտի գտնեն: «Անհրաժեշտ է, որ կարելի եղածին չափ լաւ աշխատինք ու գործակցինք` դուրս գալու համար մեր դիմագրաւած տագնապներէն», ըսաւ ան:
Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը սուր է, իսկ բժիշկներուն այցեգինը աննշան է: «Այս իմաստով բազմիցս պահանջեցինք նկատի ունենալ այս իրականութիւնը, որպէսզի լիբանանցի բժիշկը մնայ իր երկրին մէջ եւ շարունակէ հոն աշխատիլ: Աւելի՛ն. պահանջեցինք նաեւ վաւերացնել օրինագիծեր` բարելաւելու համար բժիշկներուն ընկերային եւ օրինական կարգավիճակը: Պէտք է նկատի ունենալ, որ բժիշկը մահուան ենթակայ է, երբ ան «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդ մը բուժելու ընթացքին մէջ է: Հետեւաբար, մենք կը պահանջենք, որ նման պարագաներու բժիշկը նկատուի նահատակ եւ անոր հանդէպ ցուցաբերուի այն մօտեցումը, ինչ որ կ՛որդեգրուի նահատակ բանակայիններու նկատմամբ` հատուցումներու եւ ծառայութիւններու առումով», ըսաւ ան:
Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ տակաւին կան բժիշկներ, որոնք «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստը չեն ստացած: «Ասիկա ամօթալի է, որովհետեւ անոնք «Քորոնա» համաճարակին դէմ կռուող առաջնագիծի զինուորներ են, եւ պէտք չէ զանոնք մղել պատուաստը մուրալու», ընդգծեց ան` աւելցնելով, որ ցարդ հազար բժիշկներ Լիբանանէն մեկնած են:
Ապու Շարաֆ աւելցուց, որ պատուաստ ստանալու նպատակով ելեկտրոնային հարթակին վրայ արձանագրութիւնները կը կատարուին, սակայն այդ հարթակին բանեցման առումով կան բացթողումներ, որոնք պէտք է այս շաբթուան ընթացքին սրբագրուին:
Ան ընդգծեց, որ այս շաբթուան ընթացքին Լիբանան յաւելեալ պատուաստ պիտի ստանայ եւ զանոնք լիբանանցիներուն պիտի յատկացնէ:
Միւս կողմէ, առողջապահական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ լիբանանցիներուն առողջութիւնը մեծ վտանգներու դիմաց կը գտնուի, եթէ կարելի չըլլայ երկրին տնտեսական իրավիճակը արագ կերպով հակակշիռի տակ առնել:



