Իրաք կատարած իր այցելութենէն ետք Ֆրանչիսկոս պապը հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան ցաւի մէջ է: «Լիբանան, ուր ամէնէն աւելի հաւասարակշռութիւն կայ եւ բազմազանութիւն, տակաւին բարեկարգումներու կարիք ունի, սակայն անիկա հզօր է, եւ անոր հաշտութեան ուժը կու գայ մայրիներէն», ըսաւ ան:
Ֆրանչիսկոս պապը նշեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը խնդրած է իրմէ, որ Իրաք կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ այցելէ նաեւ Պէյրութ, «սակայն ինծի համար այդ այցելութիւնը բաւարար պիտի չըլլար` տրուած ըլլալով Լիբանանի դիմագրաւած այդքան տագնապալի իրավիճակը», ըսաւ ան:
Ֆրանչիսկոս պապը հաստատեց, որ իր յաջորդ այցելութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանան:
Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը ողջունեց Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք այցելութիւնը` յոյս յայտնելով, որ անիկա կ՛ըլլայ առիթ մը, որ Իրաք վերագտնէ միջազգային եւ շրջանային իմաստով իր դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդէ իր ազգային միասնականութիւնը:
Միւս կողմէ, Հռոմի մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահեր յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին Լիբանան այցելութիւնը շատ կարեւոր է` աւելցնելով, որ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքը իսկապէս պայքարած է մնալու եւ ապրելու իր հողին վրայ, առանց լքելու զայն, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ դրած է իսլամ-քրիստոնեայ համերաշխութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու:
Տահեր նկատել տուաւ, որ աւելի լաւ ապագայ մը ունենալու համար Լիբանան կարիքը ունի Ֆրանչիսկոս պապի պատգամին:



