Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ` ուրբաթ, 5 մարտ 2021-ին, իր առաջին այցելութիւնը տուաւ Այնճար, ուր ան դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, քաղաքապետութեան ու Այնճարի հեղինակութիւններուն կողմէ:
«Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդունուեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան իրազեկ դարձաւ Այնճարի մէջ տիրող իրադարձութիւններէն եւ բարձր գնահատեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, քաղաքապետութեան, ԼՕխ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ բոլոր մարմիններուն կատարած աշխատանքները` ի խնդիր գիւղաքաղաքի զարգացման:
Քննարկուեցան նաեւ գիւղը յուզող կարգ մը հարցեր, մանաւանդ Այնճարի դիմագրաւած մարզական հարցերու վերաբերող դժուարութիւնները: Այս իմաստով տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում` որոշ ծրագիրներ իրագործելու առումով:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան այցելեց ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիր, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ եւ լսեց վարչութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Ան գնահատեց արդիական չափանիշներով կառուցուած ՀՄԸՄ-ի մարզահամալիրը` հաստատելով, որ անիկա դրական դերակատարութիւն կ՛ունենայ Այնճարի երիտասարդութեան համար:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան խոստացաւ իր կարելին ընել բոլոր միջոցներով սատար հանդիսանալու ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վերելքին: Հանդիպման աւարտին ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութիւնը Վ. Օհանեան-Գէորգեանին յանձնեց յուշանուէր մը:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան այցելեց նաեւ «Մուսալեռ-Այնճարի ազգագրական թանգարան», ուր արժեւորեց Այնճարի ունեցած հսկայ դերակատարութիւնը հայապահպանման աշխատանքին մէջ:
Ապա ան ուղղուեցաւ քաղաքապետարան, ուր հիւրնկալուեցաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի կողմէ` ներկայութեամբ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն:
Քաղաքապետարանի մուտքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան հիւրասիրուեցաւ Այնճարի աւանդական աղ ու հացով:
Քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան գիւղաքաղաքը մտահոգող շարք մը հարցեր:
Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն` գնահատելով Այնճարի բարգաւաճման համար անոնց ի գործ դրած ջանքերը: Ան մաղթեց, որ այս դժուար պայմանները կարելի ըլլայ շուտով շրջանցել` շնորհիւ երիտասարդներու ամուր կամքին ու կորովին:
Հանդիպումի աւարտին Այնճարի քաղաքապետը նախարարի պաշտօնակատարին յանձնեց յուշանուէր մը:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան այցելեց նաեւ Զահլէ, ուր ծանօթացաւ Զահլէի հայ համայնքին, որուն մէջ կը ներառուին նաեւ Ռայաքի, Ժալալայի, Ապլահի եւ Շթորայի հայերը:
Նախարարի պաշտօնակատարը դիմաւորուեցաւ Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի եւ շրջանի հեղինակութիւններուն կողմէ:
Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները,
ՀՄԸՄ-ի Զահլէի մասնաճիւղի վարչութիւնը, Անդրանիկ – ՀԵԸ մարզական միութեան ներկայացուցիչները, թաղականութիւնը, ազգային երեսփոխանը, քահանաները, եկեղեցւոյ Տիկնանց միութիւնն ու բարերար Ճորճ Պուչիքեանը:
Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցաւ զրոյց ընկերային, մարզական եւ ազգային շարք մը հարցերու շուրջ:
Զրոյցին ընդմէջէն հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանը ճիգ չի խնայեր հասնելու այդ շրջանի հայութեան կարիքներուն:
Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Զահլէ կատարած այցելութիւնը աւարտեցաւ Զահլէի նախկին հայկական վարժարան այցելութեամբ, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներ ծաւալելու մտորումներով:







