Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հօրս Հետ (Սարգիս Արմէնեանի Յիշատակին)

February 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱԿ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

Վերջին տարիներուն, երբ արդէն հօրս բոլոր հարազատները Լիբանան չէին ապրեր, միակ անձը ես էի, որ իրեն հետ շարունակեցի մնալ մինչեւ իր մահը: Ահաւասիկ տարի մը անցաւ եւ ամէն օր իր յիշատակներով կ՛ապրիմ եւ կը յիշեմ բազմաթիւ պահեր:

Հօրս վերջին տարեդարձը 26 հոկտեմբեր 2019-ին էր, այդ օր ցոյցերու պատճառով ճամբաները փակ մնացին, եւ գիշերը շատ ուշ կրցայ տուն հասնիլ: «Հարց չէ ըսաւ,- եկող տարի կը նշենք միասին»:

Չեմ գիտեր ինչո՛ւ, սակայն նոյն այդ օրերուն, ինծի յայտնեց, որ ինք կը մտածէ Հայաստան փոխադրուիլ` աւելցնելով, որ եթէ Աստուած իրեն կեանք պարգեւէ: Այդ օրերուն արդէն առողջական վիճակը բաւական վատ էր եւ մնայուն կերպով բժիշկներու խնամքին ենթակայ:

Մեր տան մէջ հայրս միշտ ալ կը սիրէր հարազատներով եւ ընկերներով ուրախ պահեր ստեղծել: Յունուար 2020-ին արդէն բաւական հիւանդ էր, սակայն պնդեց, որ 2 յունուարին Համազգայինի իր ընկերներով տան մէջ ընթրիք մը կազմակերպէ: Այդ եղաւ մեր տան մէջ հօրս կազմակերպած հարիւրաւոր ընթրիքներուն վերջինը: Յունուարի երկրորդ շաբաթը հայրս փոխադրեցինք հիւանդանոց, Միացեալ Նահանգներէն եկան հօրեղբայրներս` Օհանը եւ Ատրուշանը, իսկ Ֆրանսայէն եղբայրս` Վիգէնը: Արդէն ան սկսաւ մտահոգուիլ` տեսնելով բոլորին ներկայութիւնը: Զգաց, որ իր մահը մօտեցած է:

Հիւանդանոցին մէջ հայրս կարծես ինծի աւելի մօտէն ճանչցաւ, սկսաւ աւելի հետեւիլ առօրեայիս եւ գործերուս մանրամասնութիւններուն, այդ ձեւով կարծես իր օրը լեցնելու համար: Շատ են յիշատակներս, սակայն միակ մխիթարութիւնս այն է, որ ան չտեսաւ «Քորոնա»-ի գործած աւերը, 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը եւ վերջապէս Արցախի պատերազմին հայութեան կրած պարտութիւնը:

Հողը թեթեւ գայ վրադ պապա՛:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ին Անունը Բարձր Պահած Յովսէփ Մարգարեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Մի՛շտ Կը Յիշենք (Սարգիս Արմէնեանի Ա. Տարելիցին Առիթով)

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.