Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ին Անունը Բարձր Պահած Յովսէփ Մարգարեանի Յիշատակին

February 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ «Քորոնա» ժահրը չխնայեց նաեւ  վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական Յովսէփ Մարգարեանին ու պատճառ դարձաւ իր հարազատներէն եւ սիրած միութենէն անոր առյաւէտ բաժանման:

Եղբ. Յովսէփը օժտուած էր ազգային բարձր ոգիով, ծառայասէր էր եւ ընկերային, բոլորին կողմէ սիրուած եւ  յարգուած, մարդամօտ եւ կատակասէր` այն աստիճան, որ բոլորը զինք կը ճանչնային իբրեւ Զուզ Մարգարեան: Նոյն այս նկարագիրի յատկութիւնները զինք մղած էին ըլլալու ՀՄԸՄ-ական ու դարձած ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադիր սերունդի անդամներէն մէկը` ծառայելով 12 տարիներ:

Ան մարզասէր էր, իսկ նախասիրած մարզաձեւը ֆութպոլն էր: Այս մարզաձեւը զարգացնելու համար Յովսէփ Մարգարեան մաս կազմած էր  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Ֆութպոլի յանձնախումբին, երկար տարիներ գործած ու ստանձնած զանազան պաշտօններ`  ըլլալով ատենապետ ու տնտեսական յանձնախումբի անդամ: Նաեւ ՀՄԸՄ-ի անունը  բարձր պահած էր Լիբանանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ:

Ան  գաղափարի ու գործի մարդ էր եւ իր ղեկավարի յատկանիշը զինք ուղղած էր մաս կազմելու ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` նախ իբրեւ անդամ ու հետագային ատենապետ: Մասնակցած էր ՀՄԸՄ-ի բարձրաստիճան բազմաթիւ ժողովներու:

Ան կը համարուէր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի գործօն դէմքերէն մէկը եւ իր երկար տարիներու ծառայութեան համար 2015-ին արժանացաւ միութեան «Ծառայութեան» շքանշանին:

Սիրելի՛ եղբ. Զուզ, ընդունէ այս տողերը որպէս յարգանք քու յիշատակիդ եւ բուռ մը խունկ շիրիմիդ: Մեկնիր խաղաղօրէն միանալու մեր նախկին ՀՄԸՄ-ականներու փաղանգին:

Մենք կը խոստանանք միշտ բարձր ու կանգուն պահել քու սիրած ՀՄԸՄ-դ:

Վարձքդ կատա՛ր, հողը թեթեւ գայ վրադ:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Անշահախնդիր Ու Առաքինի ՀՄԸՄ-ականի Յիշատակին (Յովսէփ Մարգարեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Հօրս Հետ (Սարգիս Արմէնեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.